ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 24ին, Ֆրեզնոյի Չարլի Քէյեան Համագաղութային դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ Մեսրոպ Մաշտոցի ծն-նդեան 1652րդ տարեդարձին նուիրուած տօնակատարութիւնը՝ մասնակցութեամբ դպրոցի բոլոր դասարաններուն:
Չորեքշաբթի երեկոյեան, տնօրէնուհի Զ. Տէր Մկրտիչեան հեռաձայնեց եւ իր փափաքը յայտնելով՝ յարեց. «Վաղը դպրոցին մէջ մենք պիտի տօնակատարենք Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1652րդ տարեդարձը եւ ձեզ կը հրաւիրենք ներկայ գտնուելու»:
– Սիրով,- պատասխանեցի եւ ընկալուչը գոցեցի:
Հինգշաբթի կեսօրէն ետք ճամբայ ելայ եւ Հիրընտըն մեծ պողոտան առնելով՝ դիմեցի դէպի դպրոց: Գեղեցիկ է Ֆրեզնօն աշնան եղանակին. ճամբու եզերքի ծառերը այլազան գոյներով իրենց գեղեցկութիւնը կը ցուցադրեն, իսկ մայթերուն վրայ, հովէն քշուած տերեւները, գոյնզգոյն նախշերով գորգեր կազմած՝ կը փոթորկին արագավազ ինքնաշարժներու գնացքէն: Հմայիչ է պարզուած տեսարանը ու ես ակամայ, մեղմօրէն կ՛արտասանեմ ու կ՛երգեմ Յ. Թումանեանի քերթուածը՝ Ս. Մանուկեանի երաժշտութեամբ.
Դեղնած դաշտերին իջել է աշուն,
Անտառը կրկին ներկել է նախշուն:
Պաղ-պաղ մէգի հետ, փչում է քամին,
Քշում է տանում տերեւը դեղին:
Երբ այսպէս, երգը շրթունքիս՝ ուրիշներու կողքին կը սուրայի Հիրընտըն պողոտայէն, յանկարծ նշմարեցի դպրոց առաջնորդող ելքի ցուցատախտակը՝ Վիլլան, եւ ուղղութիւնս փոխելով՝ դիմեցի դէպի դպրոցի դարպասը: Բակին մէջ հաւաքուած ծնողները, հետաքրքրութեամբ դիտելով աշակերտներու ձեռային աշխատանքները՝ կը դիմէին դէպի սրահ: Ես ալ, ծնողներուն հետեւելով՝ սրահ կը մտնեմ եւ ծանօթի մը քով տեղ կը գրաւեմ:
Տնօրէնուհի Զ. Տէր Մկրտիչեան, հանդիսութեան բացումը կատարելէ ետք, շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն եւ բարեկամներուն, որոնք սիրով ընդառաջած էին հրաւէրին: Ապա իրարու յաջորդեցին Արեւ եւ Ծաղիկ դասարաններէն մինչեւ Զ. դասարանի աշակերտները՝ արտասանութիւններով, երգերով, կենդանի պատկերներով եւ մենապարով իրենց մասնակցութիւնը բերելով հանդիսութեան:
Արեւ եւ Ծաղիկ դասարանները արտասանեցին «Ով Մեծագործ Մեսրոպ Մաշտոց», «Հայոց Լեզու», «Կարմիր, Կապոյտ, Նարնջագոյն», «Ես Պզ-տիկ Փոքրիկ Մըն Եմ» եւ «Այբ,Բեն,Գիմ»: Մանկապարտէզի աշակերտները եռանդով մեկնաբանեցին «Երդում Մեսրոպ Մաշտոցի»ն. բոլոր արտասանութիւնները բուռն ծափերով դիմաւորուեցան:
Առաջին եւ երկրորդ դասարանները, իրենց մասնակցութիւնը բերին «Հայերէն Երգենք»ով, իսկ երրորդ եւ չորրորդ դասարանները՝ Խաչիկ Դաշտենցի եւ Մարգար Ղարաբէկեանի «Հայերէն Խօսենք»ով եւ «Իմ Անգին Լեզու»ով: Ապա, հինգերորդ եւ վեցերորդ դասարանները ներկայացուցին Վանուհի Աւետիսեանի եւ Եուրի Սահակեանի «Իմ Մայր Լեզու» եւ «Մեսրոպ Մաշտոցին» քերթուածները:
Մենապարով եւ կենդանի պատկերով իրենց մասնակցութիւնը բերին Անի Սարգսեան: Ան ներկայացուց ժողովրդական «Ուզունդարա» պարը, իսկ Յովիկ Օհանեան՝ կենդանի պատկերով՝ Մեսրոպ Մաշտոցը:
Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1652րդ տարեդարձի տօնակատարութեան հանդիսութիւնը վերջացաւ հանրածանօթ «Տարեդարձ» երգով, որուն մասնակցեցան բոլոր ներկաները՝ «Մենք եկած ենք տօնելու, մենք եկած ենք ուրախութեամբ Մեսրոպ Մաշտոցին տարեդարձը տօնելու» ըսելով: Իսկ Յովիկ Օհանեանը, որ ծպտուած էր իբրեւ Մեսրոպ Մաշտոց, աթոռին նստած՝ կ՛ունկնդրէր իրեն նուիրուած տարեդարձի երգը:
1652 տարիներ առաջ ծնած Մեսրոպ Մաշտոցը, մեր մանուկներու սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ վերակենդանացաւ այս կոկիկ պատրաստուած հանդիսութեամբ:
Հայոց ազգին մանուկները, իրենց մանկական եւ անմեղ շուրթերէն բարձրացող ու Մաշտոցի նուիրուած երախտագիտական կանչերով վերանորոգեցին իրենց ուխտը «Մեծասքանչին» եւ հայ գրականութեան տիպ ու տառին:
Իրապէ՛ս գնահատելի աշխատանք կը կատարուի Չարլի Քէյեան Համագաղութային դպրոցէն ներս:
Սիրելի ուսուցիչներ եւ հայոց ազգի մանուկներ, դուք, Մեսրոպ Մաշտոցին նուիրուած այս ելոյթով, Հայ մշակոյթի մեծ գանձանակին մէջ ոչ միայն ձեր լուման դրիք, այլեւ՝ սիրտն ու հոգին:
Ապրին հայ ուսուցիչներն ու հայոց ազգին մանուկները: Բոլորի՛ն վարձքը կատար: