Յարգելի Հայրենակիցներ,
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի վարչութիւնը իր սրտագին շնորհակալութիւնները կը յայտնէ մեր բոլոր հայրենակիցներուն, որոնք իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւններով սատար հանդիսացան 2013ի Ֆոնեթոնին, կամրջելով Հայաստան-Արցախ մայրուղին:
Դժբախտաբար մեր կամաւորներուն սակաւաթիւ ըլլալուն պատճառաւ չկարողացանք անմիջական կապի մէջ մտնել մեր բոլոր հայրենակիցներուն հետ, ընդունելու իրենց նիւթական խոստումները:
Սակայն նուիրահաւաքը կը շարունակուի. եթէ կը փափաքիք ձեր օժանդակութիւնը ունենալ այս յոյժ հայրենանուէր գործընթացին կրնաք ձեր նուէրները փոխանցել հիմնադրամի դրամատան հաշիւի հետեւեալ թիւին՝ GR 4101721950005195050350189 «Փիրէոս» դրամատուն, կամ հեռաձայնել եւ կամ այցելել հիմնադրամի գրասենեակ՝ Լամիաս փողոց թիւ 30 Գոքինիա, հեռաձայնի թիւ՝ 210 4907807, 210 4907867, եւ կամ ձեր տեղական հայկական որեւէ եկեղեցի եւ հիւսիսային Յունաստանի համար Սելանիկի (Դեսաղոնիկէ-Խմբ.) եւ Թրակիոյ հայկական եկեղեցիները:
2013ի Ֆոնեթոնի խոստացուած գումարը 22.630 եուրօ է, որ վերջնական գանձումէն ետք պիտի յայտարարուի մամուլի միջոցաւ:
Այս առթիւ կ՛ուզենք մեր խորին շնորհակալութիւնները յայտնել մեր կամաւորներուն, որոնք իրենց սուղ ժամանակը տրամադրեցին ազնուօրէն դիմելով եւ կապի մէջ մտնելով մեր հայրենակիցներուն հետ, որոնք ընդհանրապէս ընդառաջեցին անոնց դիմումին:
Նուիրատուներու անուններու ցանկը պիտի յայտարարուի պարբերաբար, վերջնական գանձումէն ետք:
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ