ԹԵՀՐԱՆ, «Ֆարս».- Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը (ՏՀԿ) ընդգրկուն բարեփոխումներու կարիքն ունի. Նոյեմբեր 26ին այսպէս յայտարարած է Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի, ելոյթ ունենալով կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 21րդ նիստին ընթացքին: ՏՀԿն Իրանի, Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի ջանքերով հիմնուած էր 1985ին՝ նպատակ ունենալով տնտեսական ու մշակութային համագործակցութիւնը խորացնել տարածաշրջանին մէջ: 1990ականներուն սկիզբը անոր միացած էին եւս եօթը պետութիւններ՝ Ատրպէյճանը, Աֆղանիստանը, Ղազախստանը, Ղրղզստան, Տաճիկիստանը, Թիւրքմէնիստանն ու Իւզպեքիստանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.