ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի վերջին թելեթոն-հանգանակութեան, ռուսահայ մեծահարուստ գործարարներուն բերած բաժինը հաւաքուած ընդհանուր գումարի կէսէն աւելի էր, ուրեմն՝ ի՞նչ անտեսումի մասին է խօսքը:
Ճի՛շդ է, որ խումբ մը ազնիւ, հայրենասէր ռուսահայերու առատաձեռնութեան շնորհիւ՝ այդ հատուածի տարեկան ներդրումը միշտ ալ գերազանցած է մնացած բոլորիս տուածները: Այսուհանդերձ, այս հանգանակային արշաւին մեծագոյն բացական կը մնայ նոյնինքն ռուսահայութիւնը, որուն թիւը կը գնահատուի աւելի քան երեք միլիոնով:
Հայաստան Հիմնադրամի պատասխանատուներուն եւ իշխանութեան բարձրագոյն դէմքերուն անմիջական դիմումները, բարեբախտաբար, միշտ ալ լայնաբուռն կերպով ընդունուած են ռուսահայ մեծահարուստներուն կողմէ: Սակայն, ես չեմ նկատած որեւէ ճիգ Հիմնադրամի պաշտօնեաներուն կողմէ՝ շարժելու ռուսահայ զանգուածները ու զանոնք ներգրաւելու հանգանակային այս արշաւին մէջ: Եթէ արագ ակնարկ մը նետենք իւրաքանչիւր աշխարհամասէն հանգանակուած գումարներուն վրայ եւ փորձենք այդ համեմատութեան մէջ գնահատել իւրաքանչիւրին մասնակցութիւնը, ապա կրնանք ենթադրել, թէ ռուսահայութեան աւելի լայն՝ զանգուածային ներգրաւումով այս արշաւին մէջ՝ Հիմնադրամի եկամուտները կրնան բազմապատկուիլ, առնուազն՝ կրկնապատկուիլ:
Ռուսիոյ եւ նախկին խորհրդային երկիրներու հայութեան հայրենասիրական զգացումներուն մասին կասկած չենք կրնար ունենալ: Խնդիրը զանոնք շարժելն է, նախ՝ անոնց հասնելու ճիգ թափելը: Չեմ կարծեր, որ Հիմնադրամի տնօրէնութեան համար այնքան մեծ հարց է իրականացնել ռուսական մեծ կայանէ մը, հայերէն եւ ռուսերէն լեզուներով, Լոսանճելըսեան թելեթոնին նման տարեկան քարոզչական ձեռնարկներ, որոնք վստահաբար պիտի արդարացնեն բոլոր ակնկալութիւնները: Նոյնիսկ կարելի է ստեղծել մրցակցութեան մթնոլորտ, որմէ կը շահին Հայաստանն ու Արցախը: