Ատամնաբոյժ՝ տոքթ. Մհեր Պապեան մեր համայնքին մէջ մշակութային կեանքի շարժիչներէն է: Դժուար գործ է, ապերախտ, սակայն ան միշտ պատրաստ է իր կարեւոր ներդրումը բերելու մշակութային այն ձեռնարկներուն, որոնք կ՛արժեւորեն մեր ազգային ժառանգութիւնը: Նաեւ, ինչ որ միաւորող ջիղ մը ունի, խտրականութիւն չի դներ, թէ ո՛վ է կազմակերպողը, ով իր աջակցութեան կը դիմէ: Կը հասնի բոլորին:
Բախտաւոր է Մհերը, որ կը վայելէ իր զաւակներուն զօրակցութիւնն ու քաջալերանքը, որոնք զինք աւելի եռանդով կը մղեն հասարակական գործունէութեան:
Այս քաջալերանքի արտայայտութիւններէն մէկն է տոքթ. Աւօ Պապեանի հազար տոլարի նուիրատուութիւնը «Ասպարէզ»ին, որ առ ի նշանաւորում իր ծնողքի ամուսնութեան տարուան՝ կը ստանձնէ «Ասպարէզ»ի 1971ի բոլոր էջերու թուայնացումը:
Ուժ ու կորով կը մաղթենք հայր ու որդի ատամնաբոյժներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.