
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հայկազեան համալսարանը կը տեղեկացնէ, թէ Արմէն եւ Սալբի Յարութիւնեաններու անունով հայ ուսանողներու յատուկ կրթանպաստի անձեռնմխելի հիմնադրամ մը հաստատուած է՝ շնորհիւ Յարութիւնեաններուն կատարած 250,000 տոլարի նուիրատուութեան:
Այս առիթով պաշտօնական արարողութիւն մը կատարուած է Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 2ին, համալսարանին մէջ:
Իր խօսքին մէջ, համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան բարձր գնահատած է այս նուիրաբերումը՝ մատնանշելով, որ համալսարանի մեծագոյն իրագործումն է «հայ ուսանողին կրթանպաստ հայթայթելով՝ համալսարանական կրթութեան առիթ յառաջացնել», եւ ընդգծելով, թէ «մեր մեծագոյն պէտքերը այդ կալուածին մէջ են»:
Ապա ան անդրադարձած է բարերար ամոլին՝ շեշտելով անոր երկարամեայ ծառայութիւնները լիբանահայութեան, ու աւելցուցած է, թէ Արմէն Յարութիւնեան բազմիցս օգտակար դարձած է լիբանանահայ կրթական մարզին:
Վեր. Հայտոսթեան գոհունակութիւն յայտնած, որ ներկայ նուիրատուութիւնը կու գայ կրթանպաստի մեծ կարիքներուն իր կարեւոր օգտակարութիւնը ունենալու: Ապա ամփոփ կերպով ներկայացուած են Արմէն Յարութիւնեանի կենսագրականը եւ հրատարակչական գործունէութիւնը:
Խօսք առնելով, բարերար Արմէն Յարութիւնեան մաղթած է, որ նման արարողութիւններ աւելնան: Ան նշած է, որ Հայկազեան համալսարանը հայ երիտասարդութիւնը կը մէկտեղէ եւ հայեցի մթնոլորտի մէջ զանազան մասնագիտութիւններ կը ջամբէ, ինչով եւ կը բարձրանայ մեր ազգին ուսումնական արժեչափը. ան կոչ ըրած է՝ ըսելով. «Պէտք է գուրգուրալ Հայկազեան համալսարանին նիւթապէս եւ բարոյապէս»:
Յարութիւնեան նաեւ շեշտած է, որ համալսարանը «բոլորին կը պատկանի» եւ մաղթած է, որ այս արարքը վարակիչ դառնայ, ապա իր խօսքը աւարտած է մէջբերելով Վահան Թէքէեանի ուսանելի բանաստեղծութենէն՝ «Հաշուեյարդար, ի՞նչ մնաց, կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց. ինչ որ տուի ուրիշին, տարօրինակ այն միայն»:
Արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն: