ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ «Քատիր Հաս» համալսարանին կողմէ այս տարուան Սեպտեմբեր եւ Հոկտեմբեր ամիսներուն կատարուած հարցախոյզի մը համաձայն՝ թուրքերուն միայն 7.2 տոկոսը Հայաստանը նկատած է իբրեւ Թուրքիոյ համար սպառնալիք:
Հարցախոյզին մասնակցած են մօտաւորապէս 1000 քաղաքացիներ:
Յատկանշական է, որ 2011ին նման հարցախոյզի մը մասնակիցներուն 53 տոկոսը Հայաստանը Թուրքիոյ վտանգ սպառնացող երկիր մը համարած էր:
Թուրքերուն 41.7 տոկոսը Միացեալ Նահանգները կը նկատէ Թուրքիոյ վտանգ սպառնացող երկիր, իսկ 37.1 տոկոսը՝ Իսրայէլը: Անոնց յաջորդաբար 23.9 եւ 18.4 տոկոսը վտանգաւոր կը նկատէ Սուրիան եւ Իրանը:
Մասնակիցներուն 36 տոկոսը նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ վերջին 5 տարիներու քաղաքականութիւնը «ձախող» որակած է:
Թուրքիոյ բարեկամ կը համարուին Ատրպէյճանը (ըստ 28 տոկոսին), Ամերիկան (7.4 տոկոս) Կիպրոսի գրաւեալ թրքական հատուածը (3.8 տոկոս) Եւ Փաքիստանը (2.9 տոկոս), մինչ 38.6 տոկոսին համաձայն՝ Թուրքիան բարեկամ չունի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.