ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ.- Անցեալ Չորեքշաբթի օր արժանթինահաը երիտասարդներ Պուէնոս Այրէսի մէջ բողոքի ցոյց մը կազմակերպեցին՝ բողոքելով ցուցադրութեան դէմ ատրպէյճանական ֆիլմի մը, որ Արցախի Հանրապետութեան պատմութեան իրողութեանց մասին սուտեր կը ներկայացնէ: Ժապաւէնի ցուցադրութիւնը կազմակերպուած էր «Էքուիլիպրիում Կլոպըլ» (Equilibrium Global) եւ Արժանթինի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանատան կողմէ:
Վերյիշեցնելով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, թէ «մեր գլխաւոր թշնամին աշխարհի հայերն են եւ անոնց հակակշիռին տակ գտնուող փտած քաղաքական գործիչները»՝ ցոյցին կազմակերպիչ Հրաւային Ամերիկայի Հայ Երիտասրդաց Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները կը յայտնեն, որ եթէ այդպիսին ըլլար պարագան, ուրեմն նախկին նախագահ Ռաուլ Ալֆոնսէն (որ հրապարակած էր յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութիւնը) կամ նախկին նախագահ Նեսթոր Քիշնըրն ու Արժանթինի Ազգային ծերակոյտը (որոնք հրապարակեցին օրէնք մը՝ ընդունելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը) «փտած» եւ «կեղծաւոր» են ու «կը գտնուին հայկական հակակշիռին տակ»:
Ցուցարարները նաեւ դատապարտեցին Արցախ այցելողներու դէմ ճնշումի քաղաքականութիւնը եւ զանոնք «սեւ ցանկ»ին վրայ դնելու իրողութիւն:
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները նոյնիսկ աւելի հեռուն երթալով, սուտերը առաւել սուտով հարստացնելով, յայտարարեցին, որ «արժանթինեան ոստիկանութեան միջամտութեամբ հայ ըմբոստներու գրգռիչ փորձերը կանգ առին» մինչ այդ, իրականութիւնը այն է, որ հայ երիտասարդները ցուցադրասրահ մօտեցողներուն բաժնեցին թղթիկներ, որոնց մէջ կը ներկայացուէր Արցախի ճշմարիտ պատմութիւնը: Գտնուեցան այցելուներ, որոնք հրաժարեցան սրահ մտնել եւ դիտել ատրպէյճանական շինծու ֆիլմը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.