ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաբնակ Հալէպի մէջ իրավիճակը տակաւին չէ հանդարտած: Մարիա Գաբրիէլեան յայտնած է, որ բախումներուն իբրեւ հետեւանք դարձեալ հայ մը զոհուած է:
Մահացած է 26ամեայ Հայկ Արգաշատեանը: 7 Դեկտեմբերին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ անոր յուղարկաւորութիւնը:
«Եռագոյն» կայքին համաձայն՝ 6 Դեկտեմբերին Գամիշլի քաղաքի Ալ Թայ թաղամասին մէջ տեղի ունեցած պայթումի իբրեւ հետեւանք վիրաւորուած է երեք հայ, որոնցմէ մէկը՝ Վագօ Թովմասեանը աւելի ուշ մահացած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.