
Արամ Ա. կաթողիկոս Հարաւային Ափրիկէի Եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահին եւ ընդհանուր քարտուղարին ուղղած է նամակ մը, որուն մէջ կ՛ըսէ. «Նելսըն Մանտելայի մահը Հարաւային Ափրիկէի ժողովուրդը ձգեց առանց հօր եւ աշխարհը՝ առանց արդարութեան ու մարդկային իրաւանց կենդանի խորհրդանիշի մը: Միջեկեղեցական շարժումը միշտ պիտի յիշէ Նելսըն Մանտելան որպէս մեծ ղեկավար, որ ոչ միայն պայքարեցաւ արդարութեան վրայ խարսխուած խաղաղութեան համար ու շեշտեց համախոհութեան կարեւորութիւնը, այլ նաեւ այս գերագոյն արժէքները գործնապէս արտայայտեց իր կեանքին մէջ»:
Արամ Ա. կաթողիկոս կը յիշեցնէ իր նամակին մէջ, թէ «որպէս ատենապետ Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդի Կեդրոնական ու Գործադիր վարչութեանց, պատեհութիւնը ունեցայ 1994ին ներկայ գտնուելու Նելսըն Մանտելայի նախագահական երդման արարողութեան ու միաժամանակ Հարաւային Ափրիկէի ժողովուրդին փոխանցելու հրապարակային պատգամով միջեկեղեցական ընտանիքին սիրոյ, յոյսի ու համախոհութեան պատգամը: Իսկ 1998ին, ուրախութիւնը ունեցայ ողջունելու նախագահ Նելսըն Մանտելան դարձեալ որպէս ատենապետ Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդին Հարարէի (Զիմպապուէ) գումարուող Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդի 8րդ համաժողովին, ուր ան իր պատգամը ուղղեց»:
Վեհափառ հայրապետը ապա կը հաստատէ, թէ «հայ ժողովուրդը միշտ կը մնայ ներշնչուած մարդկային իրաւանց նկատմամբ Նելսըն Մանտելայի ամուր յանձնառութենէն: Իսկ Միջին Արեւելքի մէջ, որ ծննդավայրն է միաստուածեան երեք կրօններուն եւ ուր խաղաղ գոյակցութիւնը ու փոխադարձ ճանաչումը միշտ ներկայութիւն են մեր աղօթքներուն ու մտածումներուն մէջ, Մանտելային մեծ աւանդը կը մնայ յոյսի աղբիւր»: Վեհափառ հայրապետը Հարաւային Ափրիկէի Եկեղեցիներու խորհուրդին ուղղած իր նամակը կ՛եզրակացնէ կոչ ուղղելով Աստուծոյ Որդւոյն յայտնութեան տօնի սեմին «դառնալու Բեթղեհէմին, ընդունելու խաղաղութեան Իշխանը ու վերանորոգելու մեր յանձնառութիւնը արդարութեան, խաղաղութեան եւ ազգերու միջեւ համախոհութեան»: