Թուրքիոյ մէջ, արմատներուն վերադարձած հայ ընտանիքը դատական որոշումով ձեռք ձգած է իր զաւակը հայկական դպրոց ղրկելու իրաւունք:
Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթը կը գրէ, թէ այդ ընտանիքը չէր կրնար իր զաւակը հայկական դպրոց ղրկել, քանի որ կրթութեան նախարարութիւնը կը պատճառաբանէր, թէ երախան հայ չէ: Դատարանը յենելով Պոլսոյ պատրիարքարանի ներկայացուցած փաստաթուղթին վայր՝ որոշած է, որ երախային հայկական դպրոց յաճախելու արգելքը անհիմն է:
Հայ ընտանիքին փաստաբանը նշած է, որ դատարանին որոշումը կրնայ նախադէպ հանդիսանալ նման իրավիճակի մէջ գտնուող միւս հայ ընտանիքներու երախաներուն համար:
Դատարանի որոշումին մէջ շեշտուած է նաեւ, որ մարդոց ազգային ինքնութեան ճշդումին համար ազգային ծածկագիրներու գործածութիւնը կը հակասէ օրէնքին: Քանի մը ամիս առաջ «Ակօս» գրած էր, որ քրիստոնէութեան վերադառնալէ ետք իր զաւակը հայկական դպրոց ղրկել փափաքող ընտանիք մը բացայայտած էր բարդ գործընթաց մը՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան ստեղծման օրերէն ի վեր երկիրին հայերուն տրուած է «2» ծածկագիրը՝ զանոնք դիւրութեամբ բնորոշելու համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.