ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ներկայ տարին 50ամեակն է Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ) հիմնադրութեան: Սոյն միութիւնը հիմնուեցաւ 1963ին Գարեգին Ծ. վրդ. Սարգիսեան (ապա կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ) կողմէ խումբ մը համալսարանականներու մասնակցութեամբ: Տարիներու ընթացքին միութիւնը աճեցաւ ու կազմակերպուեցաւ իր կեդրոնը ունենալով կաթողիկոսարանէն ներս: Անիկա միշտ վայելեց Խորէն Ա., Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետներուն օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը:
Անցնող 50 տարիներուն ընթացքին իր կազմակերպած զանազան ձեռնարկներու եւ ունեցած յարաբերութիւններու ճամբով ՀԵՀՈՄը դարձաւ աշխոյժ ներկայութիւն ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի ու յատկապէս Լիբանանի հայութեան կեանքէն ներս:
Այսօր բազմաթիւ ՀԵՀՈՄականներ բոլոր գաղութներէն ներս կարեւոր դիրքեր կր գրաւեն մեր ազգային կեանքի եւ ընդհանրապէս ընկերութեան կեանքի զանազան բնագաւառներէն ներս:
ՀԵՀՈՄի հիմնադրութեան 50ամեակին առիթով պաշտօնական ընթրիք մը տեղի ունեցաւ «Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ: Ձեռնարկին բացումը կատարելով վարչութեան ատենապետ Ռազմիկ Միքայէլեան, որ անդրադարձաւ ՀԵՀՈՄի կոչումին ու տարած աշխատանքներուն եւ ըսաւ. «Որպէս ներկայ ՀԵՀՈՄականներ 50 տարիներէ եկած ՀԵՀՈՄը կը տանինք նոր ամեակներու նոր հորիզոններ բանալով ՀԵՀՈՄի առաքելութեան ու աշխատանքի անդաստանին մէջ: Մենք կը վստահինք մեր համալսարանական երիտասարդութեան ուժին եւ անոր կարողութիւններուն: Սակայն ուժն ու կարողութիւնը բաւարար չեն. ՀԵՀՈՄի նման միութեան մը լայնածաւալ առաքելութիւնը առաջ տանելու համար: Կայ նաեւ նախկին ՀԵՀՈՄականներուն տարիներու փորձառութիւնը, որ ինքնին հանք մըն է՝ լաւագոյն միջոցներով դիմագրաւելու այսօրուան երիտասարդութեան դժուարութիւնները եւ ՀԵՀՈՄի երդիքին տակ համախմբելու եւ ամրապնդելու զայն»: Բացման խօսքէն ետք ներկաները դիտեցին ՀԵՀՈՄի մասին պատմող տեսաերիզ մը:
Ներկաներուն իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Ան մեծապէս գնահատեց ՀԵՀՈՄի 50 տարիներու նուիրեալ աշխատանքը: Ապա թելադրեց «ներկայ պայմաններու ու հրամայականներու համապատասխան քայլերու դիմել՝ վերատեսութեան ենթարկելով ՀԵՀՈՄի գործունէութիւնը»: Վեհափառը ցաւով յիշեցուց, որ «այսօր մեր համալսարանական երիտասարդներու մէկ կարեւոր մասը հեռու է մեր ազգային կեանքէն, մեր կառոյցներէն»:
«Ինչո՞ւ այս մտահոգիչ երեւոյթը. ի՞նչ բանը կը մղէ մեր երիտասարդները հեռու մնալու մեր կեանքէն: Անհրաժեշտ է խօսիլ մեր երիտասարդներուն հետ ու համախմբել զանոնք մեր կառոյցներուն շուրջ: Բնականաբար, մեր շրջապատին հետ մեր յարաբերութիւնն ու գործակցութիւնը կենսական է, սակայն մենք կը պատկանինք այն մեծ ընտանիքին, որ մեր գաղութն է, մեր ժողովուրդն է», ըսաւ վեհափառը եւ կոչ ուղղեց, որ մեր երիտասարդները մասնակից դառնան ՀԵՀՈՄի եւ մեր բոլոր կառոյցներու կեանքին ու գործունէութեան:
Վեհափառի պատգամէն ետք ՀԵՀՈՄի հոգեւոր խորհրդատու Ղեւոնդ վրդ. Բենդէզեան եւ ատենապետ Ռազմիկ Միքայէլեան երախտագիտութեան որպէս արտայայտութիւն ՀԵՀՈՄի 50ամեակի՝ յուշանուէր մը յանձնեցի վեհափառ հայրապետին:
Վեհափառ հօր մեկնումէն ետք տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն ընթացքին Ատիս Հարմանտեան ազգային երգերով խանդավառեց ներկաները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.