
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր այս տարուան աշնանային վարժողական ծրագիրին մասնակցած են երկրորդական վարժարաններէ երկու փայլուն աշակերտներ, որոնք 10 շաբաթներու ընթացքին արժէքաւոր փորձառութիւն ձեռք ձգած են տեղական քաղաքական կեանքէն ներս, ինչպէս նաեւ լայնօրէն իրազեկուած են համայնքային կազմակերպութեանց գործունէութեան մասին:
Այս տարուան աշնանային վարժողական ծրագրին մասնակիցները եղած են Սարին Քէշիշեան ու Սարին Շաթիկեան:
Սարին Քէշիշեան աւարտական դասարանի աշակերտ է ՀԲԸՄի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանին մէջ ու աշխոյժ անդամ մըն է վարժարանի մարզական կեանքին: Ան խմբապետն է վարժարանին վազքի խումբին եւ մաս կը կազմէ նաեւ վոլիպոլի կազմին: Մարզական խաղերու իր մասնակցութեամբ ան հասած է այն համոզումին, որ խմբային աշխատանքը, համագործակցութիւնը եւ հաղորդակցութիւնը յոյժ կարեւոր գրաւականներ են յաջողութեան: Սարին Քէշիշեան կը փափաքի մասնագիտանալ հաղորդակցութեանց մարզին մէջ: Ան մեծապէս կը գնահատէ հանրային յարաբերութեանց մարզին ու համացանցային ընկերային ցանցերու վարչութեան մէջ իր շահած փորձառութիւնը նշեալ վարժողական ծրագիրին միջոցաւ:
Սարին Շաթիկեան 11րդ կարգի աշակերտ է «Քլարք Մեկնեթ» երկրորդական վարժարանին մէջ, ու աշխոյժ մասնակից մըն է վարժարանին արտադասարանային աշխատանքներուն: Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան անդամ Սարինը կ՛անդամակցի նաեւ իր յաճախած վարաժարանի զանազան ակումբներուն:
«Վարժողական այս ծրագիրին շնորհիւ սորվեցայ աշխատանքային արհեստավարժ միջավայրրի մը մէջ գործելու միջոցները: Ծրագիրին ճամբով գործօն մասնակիցը եղայ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին կարգ մը աշխատանքներուն, որոնց շարքին էին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի խորհրդաժողովի կազմակերպումը եւ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին «YouTube»ի կայանին պատրաստութիւնը, որ մօտիկ ապագային համացանցին վրայ պիտի ըլլայ», կը յայտնէ ան:
Համալսարանական տարիներուն, Սարին Շաթիկեան կը փափաքի մասնագիտանալ միջազգային յարաբերութեանց ճիւղին մէջ եւ յատկապէս այդ պատճառով կը նկատէ, որ վարժողական ծրագիրին ընթացքին ապահոված իր փորձառութիւնները արժէքաւոր պիտի ըլլան:
«Փայլուն եւ արտակարգ մասնակիցներ ունէինք այս տարուան աշնանային վարժողական ծրագիրին: Հակառակ իրենց դասերուն եւ արտադասարանային գործունէութեան, անոնք կրցան ժամանակ յատկացնել ու լուրջ եւ ստեղծագործ աշխատանք տարին», նշուած է Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին հաղորդագրութեան մէջ:
2007ին հաստատուած Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի ձմեռնային վարժողական ծրագիրին մասնակցիլ փափաքողները պէտք է դիմում կատարեն մինչեւ Յունուար 13, 2014,
admin@ancaglendale.org հասցէին կամ (818) 243-3444 թիւին դիմելով: