Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Լսողութեան անակնկալ կորուստ ըսելով կը հասկնանք լսղութեան այն կորուստը, որ կը պատահի անակնկալօրէն բնական լսողութիւն ունեցող անձի մը:
Խօսելէ առաջ այս նիւթին մասին պարտք կը զգամ ամփոփ ձեւով անդրադառնալու ականջի կազմախօսութեան (anatomy) եւ լսողութեան կենսաբանական (physiological) գործընթացին:
Ականջը կազմուած է երեք բաժիններէ.
Ա. Արտաքին ականջ
Բ. Միջին ականջ
Գ. Ներքին ականջ
Ա. Արտաքին ականջը կազմուած է ականջակոնքէ-ականջախեցէ (pinna) եւ արտաքին անցուղիէ-ցնցուղէ (external canal), որ ունի 25-28 մմ. երկարութիւն եւ կը վերջանայ բարակ եւ մասամբ մը թափանցիկ թմբկաթաղանթով (ear drum): Անիկա ունի 9 քառակուսի մմ. տարածութիւն եւ 0.1 մմ. հաստութիւն:
Բ. Միջին ականջը կազմուած է օդով լեցուն թմբկախոռոչէ (middle ear cavity) եւ լսափողէ-եւստաքեան խողովակէ (Eustachian tube), որ 3.5 սմ. երկարութեամբ բարակ եւ առաձգական խողովակ մըն է եւ կը բացուի քթաըմբանին (nasopharynx) մէջ: Լսափողը բնական պայմաններու մէջ շարունակ հաղորդակցութեան մէջ է արտաքին աշխարհին հետ քթաըմբանին միջոցաւ: Անիկա կ՛օդաւորէ միջին ականջը եւ կը նպաստէ միջին ականջի հեղուկի արտաքսումին դէպի քթաըմբան: Թմբկախոռոչին արտաքին պատն է՝ թմբկաթաղանթը, իսկ անոր ներքին պատին վրայ կան երկու պզտիկ բացիկներ-պատուհաններ, որոնք կը կոչուին՝ ձուաձեւ պատուհան (oval window) եւ կլոր պատուհան (round window):
Թմբկախոռոչին մէջ կը գտնուին երեք ոսկրիկներ, որոնք կը կոչուին՝ մուրճ (maleus), սալ (incus) եւ ասպանդակ (stapes):
Երեք ոսկրիկները միացած են իրարու շարժական յօդերով: Մուրճը առաջին ոսկրիկն է եւ նստած է թմբկաթաղանթին վրայ, իսկ ասպանդակը երրորդ ոսկրիկն է եւ նստած է ձուաձեւ պատուհանին վրայ, որ ներքին ականջին սկզբնաւորութիւնն է:
Ներքին ականջը բարդ կառուցուածք մըն է եւ անոր համար կը կոչուի բաւիղ-եւստաքեան խողովակ (labyrinth): Անիկա կազմուած է ոսկրային եւ թաղանթային բաժիններէ: Ոսկրային բաւիղին մէջ կը գտնուի թաղանթային բաւիղը: Երկու բաւիղներուն միջեւ եղած տարածութիւնը լեցուն է արտաքին աւիշով (perilymph), իսկ թաղանթային բաւիղը լեցուն է ներաւիշով (endolymph): Ներքին ականջը կազմուած է անդաստակէ (vestibule), խխունջէ (cochles) եւ երեք կիսաբոլոր խողովակներէ (semicircular canals): Խխունջը ինքնիր վրայ պարուրուած է 2.5 անգամ եւ անիկա իր կարգին կազմուած է ոսկրային եւ թաղանթային հատուածներէ: Թաղանթային բաժինին մէջ կը գտնուի լսողութեան Քորթեան օրկանը (organ of Corti), որ ծածկուած է տարբեր երկարութեամբ եւ հաստութեամբ շուրջ 30000 լարերով, որոնց վրայ կը գտնուին ձայնազգաց թելանման մազային եւ յենարան բջիջները: Այս բջիջներու միացումով կը կազմուին լսողութեան ջղային թելիկները, որոնց միացումով կը կազմուի լսողութեան ջիղը: Բարձր ձայները կ՛ընկալուին խխունջի յատակի լայն բաժինէն, իսկ մեղմ ձայները կ՛ընկալուին խխունջին գագաթի բաժինէն:
Կիսաբոլոր խողովակներուն մէջ զետեղուած են թելանման բջիջներ, որոնք մարմինի շարժման ուղղութիւնը եւ արագութիւնը փոխուելու միջոցին կը գրգռուին: Ասոնք հաւասարակշռութեան ջիղի սկզբնական բջիջներ են: Այս բջիջներու միացումով կը կազմուի հաւասարակշռութեան ջիղը, որ միանալով լսողական ջիղին կ՛ուղղուի դէպի ուղեղ: Կիսաբոլոր խողովակները ուղեղին կը հայթայթեն որոշ տեղեկութիւններ՝ մարմինի դիրքին, կացութեան եւ գլխու շարժումներու մասին. հետեւաբար, ուղեղը կ՛որոշէ համադրել մարմինի յարմարագոյն ձեւը եւ հաւասարակշռութիւնը:

Կիսաբոլոր խողովակներուն կ՛օժանդակեն անդաստակին երկու տոպրականման բաժինները՝ պարկիկը (saccule) եւ արգանդիկը (utricle), որոնք բարակ անցքերով կը միանան խխունջին եւ կիսաբոլոր խողովակներուն:
Բնական լսողութիւն ունենալու համար պէտք է ունենանք ականջի բնական ձեւով գործող արտաքին, միջին եւ ներքին բաժիններ, առանց որեւէ ձայնի փոխնցման արգելքներու, ինչպէս նաեւ բնական ուղեղային կառուցուածք եւ գործելակերպ: Բարձր հնչիւնները ներքին ականջ կը հաղորդուին նաեւ գանկի ոսկորներուն միջոցաւ:
Ծանօթանալէ ետք ականջին կազմախօսութեան կարելի է հասկնալ լսողութեան կենսաբանական գործելակերպը: Ականջը ունի ձայն-հնչիւն հաղորդող-փոխադրող (conductor ) եւ ընդունող-ընկալող (receptor) բաժիններ: Ականջի արտաքին եւ միջին բաժինները հնչիւն հաղորդող մասերն են, իսկ ներքին բաժինը՝ հնչիւն ընկալող մասն է: Արտաքին աշխարհէն թմբկաթաղանթին հասնող ձայնալիքները, այլ խօսքով՝ ձայնային ոյժը կը փոխուի մեքենական ոյժի. թմբկաթաղանթը կը շարժի , իր հետ շարժելով երեք ոսկրիկներու շղթան. Ասպանդակը կը խրուի ձուաձեւ պատուհանին մէջ եւ կը փոխանցէ հնչիւնը ներքին ականջի ներաւիշին, որ իր կարգին շարժման կ՛ենթարկէ լսողութեան ջիղի յենարան եւ մազային բջիջները: Հոս է, որ մեքենական ոյժը կը փոխուի ելեկտրական ոյժի եւ ձայնալիքները իբրեւ ելեկտրական ոյժ կ՛ուղղուին դէպի ուղեղ, ուր լսողութիւնը կը մեկնաբանուի առողջ ուղեղաբջիջներու կողմէ:
Լսողութէան անակնկալ կորուստ տեղի կ՛ունենայ երեք ախտաբանական գործընթացով.
Ա. Արտաքին ձայնալիքներու փոխանցման անակնկալ խանգարում-ընդմիջում.
Բ. Արտաքին ձայնալիքներու ընկալման անակնկալ խանգարում-ընդմիջում.
Գ. Ուղեղաբջիջային լսողութեան մեկնաբանական խանգարում:
Ա. Արտաքին ձայնալիքներու փոխանցման խանգարում տեղի կ՛ունենայ թմբկաթաղանթի եւ միջին ականջի ախտաբանական հետեւեալ երեւոյթներով.
ա. Թմբկաթաղանթի անակնկալ մեծ վնաս եւ ամբողջական ծակում, որ կը յառաջանայ երկու պատճառներով՝
1. Գանկային զօրաւոր հարուած-վնաս (trauma).
2. Մթնոլորտի ճնշումի անակնկալ փոփոխութիւն, որ տեղի կ՛ունենայ լեռ բարձրանալու եւ լեռնէն վայրէջքի, ինչպէս նաեւ օդանաւային ճամբոդութեան ընթացքին:
(Վերջը յաջորդիւ)