
(Ծնեալ՝ Օգոստոս 16, 1946ին, Պաղտատ, Իրաք)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, եղբօր, հօրեղբօր, փեսային եւ հարազատին՝ Վաչէ Յովսէփեանի մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2013ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2013, առաւօտեան ժամը 9ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան Old North Church մատրան մէջ, ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ:
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Ռիթա Յովսէփեան
Եղբայրը՝ Վահէ եւ Էկլօ Յովսէփեան եւ զաւակները
Աները եւ զոքանչը՝ Գուրգէն եւ Անժելա Չուխաճեան
Հօրեղբայրը՝ Ցոլակ եւ Գոհար Յովսէեփան եւ զաւակները
Եւ համայն Յովսէփեան, Չուխաճեան, Վարդանեան, Եղիազարեան ընտանիքներն ու հարազատները