ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Սապահ» թերթին մէջ Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 16ին հրատարակուած է Հայաստանի հետ կատարուած առեւտրական գործառնութիւններու մասին թղթակցութիւն մը, ըստ որուն՝ հայերու հետ Թուրքիոյ առեւտուրը 2.5 անգամով բազմացած է։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի Երեւան այցելութեան կապակցութեամբ եւ Մեհմետ Նայըրի ստորագրութեամբ Երեւանէն ուղարկուած թղթակցութեան մէջ կը խօսուի Թուրքիա-Հայաստան Գործառնութեան խորհուրդի տեղեկագիրին մասին։ Ըստ այդ տեղեկագիրին՝ դէպի Հայաստան «ճամպրուկի առեւտուր»ը շատ տարածուն է ներկայիս։ Հայաստանցի առեւտրական մը ամէն Թուրքիա գալուն, միջին հաշուով՝ մօտաւորապէս տասը հազար տոլարի ապրանք կը գնէ եւ վերադարձին այդ ապրանքը կը ծախէ՝ հարիւրի դիմաց երկու հարիւր շահելով:
Թուրքիա-Հայաստան Գործառնութեան խորհուրդի նախագահ Արսէն Ղազարեան ըսած է, որ Վրաստանի վրայով ղրկուած առեւտրական ապրանքներու քանակը 2009ին ստորագրուած արձանագրութիւններէն ի վեր՝ 2.5 անգամով աճած է։
Ըստ Ղազարեանի՝ «սա պահուն, առեւտուրը 100 միլիոնէն հասած է 250 միլիոն տոլարի։ Մօտաւորապէս 100 հազար հայեր պատրաստ են Թուրքիա գալու եւ իրենց դրամը ծախսելու։ Սա պահուն հազարաւոր հայեր Անթալիա կ՛երթան արձակուրդի համար»։
Արսէն Ղազարեան աւելցուց, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ տնտեսական յարաբերութիւնները ներկայիս կ՛ընթանան միակողմանի կերպով, միայն մէկ ուղղութեամբ։ Իսկ եթէ յարաբերութիւնները բնականոն դառնան, այն ատեն առեւտրական յարաբերութիւնները զգալի վերելք պիտի արձանագրեն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.