
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու շաբաթավերջին ելոյթ մը ունեցաւ խորհրդարանին մէջ եւ բացատրութիւններ տուաւ Հայաստան կատարած այցելութեան մասին։ Այս ելոյթին փոխադարձելով՝ ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութեան երեսփոխան Օքթայ Վուրալ ծանր քննադատութիւններ ուղղեց արտաքին գործոց նախարարի հասցէին եւ յայտարարեց, թէ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կը նախապատրաստուի ճանչնալու Հայկական Ցեղասպանութիւնը։
«Թուրքիա այլեւս պաշտպանուելու քաղաքականութիւն չի մշակեր ու Ցեղասպանութեան պնդումներուն յանձնուելու համար պատճառ մը կը փնտռէ։ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամները, «արդար յիշողութիւն» տեսութեան ապաւինելով՝ կը փորձեն խեղաթիւրել Թուրքիոյ պատմութիւնը։ Մեր առջեւ ունինք կուսակցութիւն մը, որ փոխանակ տեղահանութեան պատճառները պաշտպանելու, կը պատրաստուի ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը։ Իշխող կուսակցութիւնը աշխատանք կը տանի 200,000 հայեր Անատոլու բերելու եւ անոնց հողեր յանձնելու ուղղութեամբ», յայտարարեց Օքթայ Վուրալ։
Վուրալ իր քննադատութիւնները շարունակելով՝ դիտել տուաւ, որ Տաւութօղլու պետական պաշտօնեայ է, որուն «պարտականութիւնն է պաշտպանել Թուրքիոյ ազգային շահերը, բայց ան Երեւանի մէջ յայտարարեց, թէ 1915ին անմարդկային արարքներ կատարուեցան: Փոխանակ հոն պատմելու, թէ թուրք հաւաքականութիւնը ի՞նչ կը խորհի այդ դէպքերուն մասին, կը ձեւացնէ, թէ յանցանք մը գործուած է ու թուրք ժողովուրդի անցեալը ծախու կը հանէ»։
«Տեղահանութիւնը երբեք ցեղային նպատակներով չկատարուեցաւ։ Տեղահանութիւնը միայն ու միայն ապահովութեան համար առնուած որոշում մըն էր։ Բայց Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը սկսած է օրինականացնելու այն տեսակէտը, թէ 1915ի դէպքերը անմարդկային գործողութիւններ էին», եզրակացուց ընդդիմադիր երեսփոխանը։
Յայտնենք, թէ Տաւութօղլու խորհրդարանին մէջ հակադարձեց Հայաստան այցելութեան կապակցութեամբ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան խիստ քննադատութիւններուն:
Անդրադառնալով կուսակցութեան փոխկուսակցապետ Թուղրուլ Թիւրքէշի այն խօսքերուն, թէ «դուք Երեւանի մէջ նոյնիսկ պանդոկի մայր դռնէն ներս չկրցաք մտնել եւ ստիպուեցաք ետնամուտքէն մուտք գործել»՝ Տաւութօղլու յիշեցուց Թիւրքէշի հետ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հանդիպումը ու ըսաւ. «Այն տարիներուն, երբ մեր ատրպէյճանցի սրտակից եղբայրները կը պատերազմէին Ղարաբաղի համար, ձեր հայրը Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի այդ օրերու նախագահին հետ։ Եթէ ատիկա յանցանք մը չէ, որ իրօք չէ՛, ուրեմն իմ Հայաստան այցելութիւնն ալ յանցանք պէտք չէ ըլլայ»։
Տաւութօղլու նշեց, թէ ինք գիտութեան մարդ է եւ որպէս գիտնական կը հաւատայ, որ միայն արդար յիշողութեան վրայ կարելի է կառուցանել պատմութիւնը։ «Փակ դռներու ետին, մէկզմէկու քարոզչութիւն ընելով՝ անկարելի է լուծել պատմական հարցերը։ Անկարելի է նաեւ ամէն տեղ շարունակել անցեալէն յամեցող միեւնոյն յանկերգը», դիտել տուաւ նախարարը։