Ճիշդ կռահեցիք: Հաճընի ծագում ունեցող Եփրեմ Պաղպուտարեանը 1962ին ամուսնացաւ Վարսենիկի հետ. իրենց ընտանիքը կազմելու այս նուիրական թուականը տէր եւ տիկին կ՛ուզեն նշանաւորել՝ 1000 տոլարի նուիրատուութեամբ հովանաւորելով «Ասպարէզ»ի այդ տարուան թիւերու թուայնացումը:
Հաճընի ծագում ըսել ու անցնիլ չ՛ըլլար: Եփրեմը իր կնոջ հետ տարիներով վերցուցած է բեռը Հաճընի հայրենակցական միութեան. անոր բարեգործութեան սահմանները կը հասնին Հայաստան, յատկապէս՝ Նոր Հաճընի դպրոց:
Նաեւ՝ «Ասպարէզ» շնորհակալ է, որ Պաղպուտարեանները մեզ միշտ բաժնեկից կը դարձնեն Նոր Հաճընցիներու տարեկան մատաղին:
Թուայնացման արշաւը կը շարունակուի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.