ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

Քաղաքականութեան ու դիւանագիտութեան մարզին մէջ խօսքին անարժէք ըլլալու իրողութիւնը արդէն ընդունուած իրողութեան մը վերածուած է: Սուտի արուեստի մակարդակին բարձրացած դիւանագիտութեան դերակատարները ամէն օր նոր հնարքներ կը գտնեն սեւը՝ ճերմակ, իսկ ոճիրը՝ մարդասիրութիւն ներկայացնելու համար:
Այս պարունակին մէջ, պէտք չէ զարմանալ ուրեմն Անգարայի այն յայտարարութենէն, թէ Ցեղասպանութեան ուրացումը խօսքի ազատութեան դրսեւրում նկատող Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին որոշումը յաղթանակ մըն է արտայայտուելու ազատութիւնը պահպանողներուն համար:
Յատկանշականը սակայն այն է, որ այս յայտարարութիւնը կը կատարուէր իր մարդկային իրաւանց տխրահռչակ վիճակին պատճառով՝ 60 տարիներէ ի վեր Եւրոմիութեան մուտքի դրան առջեւ սպասող երկիրի մը նախարարութենէն, ճիշդ այն օրը՝ Դեկտեմբեր 18ին, երբ Նիւ Եորք հաստատուած լրագրողներու իրաւանց պաշտպան միջազգային կազմակերպութիւնը՝ Լրագրողներու պաշտպանութեան յանձնախումբը, կը յայտարարէր, թէ Թուրքիա ունի ամենամեծ թիւով բանտարկուած լրագրողները աշխարհի տարածքին: Թուրքիա յաջորդական երկրորդ տարին է, որ կը գլխաւորէ այս ցանկը: Այսինքն՝ արտայայտուելու ազատութիւնը կը շարունակուի ոտնակոխուիլ Թուրքիոյ մէջ:
«Լրագրողները կը բանտարկուին անհանդուրժող եւ բռնատէր իշխանութեանց կողմէ», յստակացուցած է յանձնախումբի գործադիր վարիչ Ճօէլ Սայմըն, յայտնելով, թէ մինչ բանտարկուած լրագրողներուն թիւը նուազած է, Անգարա աւելիով խստացուցած է լրագրողներու դէմ հալածանքը:
Ըստ երեւոյթին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ու ներքին գործոց նախարարութեանց միջեւ կապերը պէտք է աւելիով ամրապնդել, որպէսզի լրագրողներու արտայայտուելու ազատութեան կարեւորութեան մասին յայտարարութիւնը հասնի նաեւ կառավարութեան այդ թեւին, որպէսզի, եթէ կեղծ չէ մարդկային այս հիմնական իրաւունքին նկատմամն թրքական այս նորափթիթ ոգեւորութիւնը՝ ապա անիկա չմնայ խօսքի սահմաններուն մէջ:
Խօսքերը անարժէք կը մնան այնքան ատեն, որ անոնք հիմնուած չեն զանոնք արդարացնող արարքներու վրայ: