
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 23 Դեկտեմբերի ուշ երեկոյեան ինքնաշարժի արկած ունեցած է երգչուհի, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Շուշան Պետրոսեանը, որ իսկոյն փոխադրուած է «Նայիրի» բժշկական կեդրոն, ուր դրուած է վերակենդանացման բաժանմունքը՝ բժիշկներու հսկողութեան տակ:
Արկածը տեղի ունեցած է Գրիգոր Լուսաւորիչ-Իտալիա փողոցներու քառուղիին վրայ՝ Ֆրանսայի դեսպանատան կից. իրարու բախած են «Թոյոթա» եւ «Ռենօ» ինքնաշարժները. վերջինին ուղեւորն էր Շուշան Պետրոսեանը:
Առողջապահութեան նախարարութեան լրատուական ծառայութեան համաձայն, Շ. Պետրոսեան ունի ուղեղի ցնցում եւ գանկուղեղային վնասուածք, սակայն վիճակը կայուն է։ «Ծանր չի, ուղղակի անվտանգութեան նկատառումներից ելնելով՝ վերահսկողութեան տակ է առնուել»։
Շուշան Պետրոսեանին այցելած են անոր ընկերները՝ Հրաչ Քէշիշեանը, Միքայէլ Պօղոսեանը, Անահիտ Սիմոնեանը, Հայկոն, Արամօն եւ այլն, ինչպէս նաեւ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը:
Շուշան Պետրոսեանի ամուսինը՝ Արման Յարութիւնեանը յայտնած է, որ երգչուհին չի յիշեր արկածին մանրամասնութիւնները, ան թոյլ կը զգայ եւ դեղերու ազդեցութեան տակ է։