Ամփոփե՞նք անցնող տարին, թէ գալիք տարուան մեր ընելիքները պարզենք:
Օրաթերթի հեւքը նախընտրելի կը դարձնէ յառաջ նայիլը, քան անցեալին վերադարձը: Թող վերլուծողները անդրադառնան անցեալ տարուան գլխաւոր իրադարձութեանց (մեր աշխատակիցներէն մի քանին յանձն առած եւ իրագործած են այդ առաջադրանքը), իսկ մենք պիտի ներկայացնենք գալիք տարուան մեր ծրագիրները, առաջադրանքներն ու սպասումները:
Քալիֆորնիահայ համայնք եւ Հայաստան պետութիւն, անշուշտ՝ ոչ այդ առաջնահերթութեամբ: Այս երկուքին ծառայելու կոչուած մամուլի միջոց ըլլալով՝ «Ասպարէզ»ը յաջորդ տարուան ընթացքին պիտի ջանայ՝
ա.- Առաւել ընդգրկուն դարձնել իր համայնքային լրատուութիւնը:
բ.- Առաւել աշխուժութիւն մտցնել թեթրի էջերուն մէջ: Աշխուժութիւնը պիտի ապահովենք՝ փորձելով ամփոփել երկարապատում գրութիւններն ու թղթակցութիւնները: Միայն վերլուծական լուրջ յօդուածները իրաւունք պիտի ունենան լայն տեղ գրաւելու թերթին մէջ: Այստեղ է, որ մեր տարբերութիւնը պիտի շեշտուի մամուլի այլ միջոցներէ, որոնք կը բաւարարուին մակերեսային լրատուութեամբ եւ վերլուծումներով:
գ.- Մեր գրական բաժինը պիտի փորձենք աւելի ճոխացնել՝ դասականներ ներկայացնելով, միեւնոյն ժամանակ նոր հեղինակներու աշխատանքներուն տեղ տալով: Հայաստանի եւ Սփիւռքի այլ համայնքներու մէջ ապրող գրողներ եւս պիտի ներկայացուին «Ասպարէզ»ի էջերէն:
դ.- «Ասպարէզ»ի համացանցի կայքը պիտի նորոգենք: Օրուան կարեւոր իրադարձութիւնները արագ հաղորդելու դրութիւնը, որ յաջողութեամբ կը գործէ անգլերէնով, պիտի գործադրենք նաեւ հայերէնին պարագային: Անոնք, որոնք կ՛ուզեն ստանալ այդ անմիջական հաղորդումները հայերէնով, կրնան իրենց ելեկտրոնային հասցէն փոխանցել մեզի՝ գրելով editor@asbarez.com հասցէին:
ե.- Պիտի գործադրենք «Ասպարէզ»ի թուայնացման ծրագիրը, որուն համար անհրաժեշտ միջոցները կը գոյացնենք: Ուրախութեամբ կը զեկուցենք, որ անհրաժեշտ միջոցները գոյացնելու համար ձեռնարկուած արշաւը խոստմնալից արդիւնք արդէն իսկ ապահոված է: Մեզի համար հաճելի անակնկալ էր մեր բարեկամներուն մեր կոչին ընդառաջումը: Արշաւը կը շարունակուի:
զ.- Պիտի հաստատենք հիմնադրամ մը, որուն միջոցները պիտի ծառայեն միայն ու միայն ամերիկահայ երիտասարդները հայկական իրականութեան հետ հաղորդակից պահելու ճիգերուն, գլխաւորաբար՝ մեր թերթին ու կայքին մէջ երիտասարդական բաժինի ստեղծումով ու ընդհանրապէս այս երկուքը երիտասարդներուն համար ոչ միայն մատչելի, այլեւ հրապուրիչ դարձնելով: Այս ծրագիրը իրականացնելու համար, կը խոստանանք ամբողջական թափանցիկութեամբ աշխատիլ: Մեր ընթերցողները պիտի կարենան հետեւիլ, թէ այս հիմնադրամին եկած իւրաքանչիւր լումայ ինչպէ՛ս կը ծախսուի: Հիմնադրամը դժբախտաբար անձեռնմխելի գումար պիտի չըլլայ, այսինքն՝ պիտի չպահուի, ու անոր տարեկան եկամուտով պիտի չսահմանափակուինք: Պիտի ծախսենք բոլոր ստացուած գումարները, որովհետեւ եթէ այսօր փոքրիկ քայլերով սահմանափակուինք, ապա մեր կորուստը աւելի ու աւելի մեծ պիտի ըլլայ: Անգամ մը որ երիտասարդին հետաքրքրութիւնը կտրուի հայկական իրականութենէն, շատ դժուար պիտի ըլլայ զայն վերադարձնել ազգի գիրկը: Հիմա՛ պէտք է աշխատինք, եւ՝ բոլոր հնարաւորութիւններով: Արդէն շատ ուշացած ենք, արդէն շատ կորսնցուցած ենք:
Գալիք տարին ազգային կեանքի իմաստով տագնապալի ըլլալու նշաններով հարուստ է: Այդպէս կը թելադրեն անցեալ տարուան զարգացումները: Արտագաղթը, սահմանամերձ շրջաններուն առաւել արագ թափով պարպուիլը եւ Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակի անհեռանկարայնութիւնը հասած են խիստ մտահոգիչ աստիճաններու, որոնք հիմնական լուծումներ կը պահանջեն: Թերթը այդ պահանջներուն պիտի արձագանգէ իր ամբողջ ձայնով, որպէսզի համապատասխան մարմինները, ղեկավարները զգաստանան ու շարժին՝ իրենց բռնած ճանապարհը փոխելով, վերջապէս՝ ազգին ու պետութեան ի նպաստ աշխատելու ուղղութեամբ քայլ առնելու համար:
Ահագին աշխատանք վերապահուած է մեզի գալիք տարի եւ տարիներուն: Մենք պատրա՛ստ ենք աշխատելու:
—————————————————————————————————–
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն
Կը Շնորհաւորէ Համայն Հայութեան
ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ ԵՒ Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ
Նորանոր Յաղթանակներ Մաղթելով
Հայ Դատի Հետապնդման Ճանապարհին
————————————————————————
Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, Հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, ի Հայաստան եւ Սփիւռս աշխարհի, կը մաղթենք ամենայն բարիք, խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն։
Մեր Թեմական կառոյցին, հայկական կազմակերպութեանց, միութեանց ու ժողովրդանուէր անդաստաններուն մէջ գործող նուիրեալներուն համար թող 2014 տարին ըլլայ աննահանջ նուաճումներու եւ ազգաշէն քայլերու նոր շրջան մը, մեզ աւելի եւս մօտեցնելով մեր հայրենական ու ազգային տենչերուն իրականացման։
Թող նոր տարին Հայաստանին ու Արցախին բերէ բարգաւաճում եւ ամրակայում, իսկ յատկապէս Սուրիոյ ու հայկական մեր գաղութի զաւակներուն՝ խաղաղութեան եւ ապահովութեան ամբողջական վերականգնում, որպէսզի հայկական Սփիւռքի
այս օճախը անյապաղ վերագտնէ իր կենսունակ երթը։
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան
Առաջնորդ
Կրօնական Ժողով
եւ
Ազգային Վարչութիւն