Ի՞նչ կապ ունին այս երկուքը: Րաֆֆին «Մաունթ Սիէրա» քոլեճի բաժնետէրերէն է եւ իր գործընկերներուն հետ բարձրագոյն կրթութեան այդ օճախը ուսանողներու համար լաւագոյն միջավայր տրամադրող հաստատութեան մը վերածած է:
Րաֆֆին անձնապէս որոշած է հովանաւորել 1996ի «Ասպարէզ»ներու թուայնացման ծախսերը: Այդ տարի Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը, որուն տեղական մասնաճիւղի նախագահն էր Րաֆֆին, ձեռնարկեց Հայաստանի եւ Արցախի համար ռազմավարական ու կենսական նշանակութիւն ունեցող Գորիս-Լաչին մայրուղիի շինարարութեան ի նպաստ հանգանակային արշաւին:
«Մաունթ Սիէրա» քոլեճը՝ անշուշտ Րաֆֆիի ճամբով, ստանձնեց իր հիմնադրութեան տարուան՝ 1990ի «Ասպարէզ»ի թուայնացման ծախսերը: Առ ի յիշեցում, այդ տարուան հովանաւորութիւնը ստանձնած էին «Լեւոն Թրաւըլ» ճամբորդական ընկերութեան սեփականատէրեր Կարպիս եւ Լորիկ Թիթիզեանները: Րաֆֆի Ուրֆալեանի եւ Թիթիզեաններու համաձայնութեամբ, յաւելեալ գումարը պիտի յատկացուի «Ասպարէզ»ի կայքէջի զարգացման ծրագիրին:
Արշաւը կը շարունակուի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.