
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Միացեալ Նահանգներու Վենթուրա քոլեճի փրոֆեսէօր, տնտեսագէտ, կուտակային կենսաթոշակային համակարգի փորձագէտ դոկտ. Արա Խանճեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Հայաստան տակաւին պատրաստ չէ անցնելու պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգին:
«Նոյնիսկ զարգացած երկիրներուն մէջ, ուր ելեւմտական շուկաները կայացած են, պարտատոմսերու շուկան կայացած է եւ ուր ժողովուրդը նաեւ որոշ իրազեկում ունի, նոյնիսկ այնտեղ պարտադիր կուտակային համակարգ 100 տոկոսով չի գործադրուիր: Շատ քիչ թիւով երկիրներու մէջ է, որ այս ծայրայեղ համակարգը կը կիրարկուի, ինչպէս Չիլիի, Ղազախստանի, Սալվատորի եւ Մեքսիքայի մէջ: Հայաստանի տուած որոշումը կը վերաբերի ծայրայեղ համակարգի, այդ իմաստով շատ աւելի մտահոգիչ է, շատ աւելի դժուար է բացատրել ներգրաւուելու անհրաժեշտութիւնը», դիտել տուած է փորձագէտը:
Ըստ Խանճեանի, պարտադիր կուտակային համակարգը շատ աւելի մեծ պատասխանատուութիւն կը դնէ քաղաքացիին վրայ, ու թէեւ Հայաստանը ընկերային երկիր է, ուր պետութիւնը պարտաւոր է ապահովել քաղաքացիին բարեկեցիկ ծերութիւնը, ինչ որ այսօր փաստօրէն չի կատարուիր, այս նոր օրէնքով քաղաքացին, ժողովրդական լեզուով ասած, պէտք է իր գլխուն ճարին նայի: Պարտադիր կուտակայինի պարագային, դիտել տուած է փորձագէտը, չկայ համերաշխութիւն սերունդներուն եւ նոր սերունդին միջեւ: Միացեալ Նահանգներու օրինակը տալով՝ Խանճեան ըսած է, թէ հոն այս երկու հարցերը լուծուած են համակարգի ճիշդ ընտրութեան շնորհիւ: Ըստ փորձագէտին, պարտադիր կուտակային համակարգին անցնելով՝ ստուերը պիտի աւելնայ Հայաստանի մէջ:
«Պետութիւնը հոգ տանողի իրավիճակ չ՛ունենար: Շատ կարեւոր է, որ ժողովուրդը համոզուի թոշակի համակարգին արդար ըլլալով եւ ընկալէ զայն։ Եթէ ժողովուրդը չ՛ընկալէ որդեգրուած համակարգը, անպայման ձեւեր պիտի գտնէ, որպէսզի խուսափի: Աշխատաւորը կրնայ իր գործատէրը համոզել, որ նման գումար չվճարէ, մէկ մասը կանխիկ վճարէ: Նոր գործի դիմողը կրնայ գործատէրը համոզել, որ իրեն կանխիկ վճարէ՝ ոչ օրինական ձեւերով։ Այսպիսով կ՛աւելնայ ստուերային տնտեսութիւնը», դիտել տուած է Խանճեան։
Ան կ՛առաջարկէ պայմանական կուտակային համակարգի ձեւաչափը, ինչ որ աւելի յարմար պիտի ըլլայ Հայաստանի համար, եւ այդ է, որ կը կիրարկուի աշխարհի մեծաթիւ երկիրներու մէջ։ Տրամաբանութիւնը հետեւեալն է՝ հաւաքագրուած գումարներու պատասխանատուն պետութիւնն է, որ զանոնք կը ներդրէ ազգային տնտեսութեան մէջ, կը ստեղծէ աշխատատեղեր եւ կ՛աւելցնէ հարկ վճարողներուն թիւը: Այս համակարգը, յամենայնդէպս, պետութիւնը զերծ կը պահէ ֆինանսական ոլորտի վտանգներէն:
Խանճեան ուսումնասիրած է փորձառութիւնը այն երկիրներուն, որոնք պարտադիր կուտակային համակարգին, այսպէս ասած, զոհը դարձան 2008 թուականի տնտեսական ճգնաժամին ատեն:
Այդ երկիրներէն էին Հունգարիան, Արժանթինը, Պոլիվիան, Լեհաստանը. որոշ երկիրներ հրաժարեցան այս համակարգէն, մնացածը նուազեցուցին պարտադիր կերպով գանձուող գումարին տոկոսադրոյքը:
«Որոշ չափով զարմանալի է, դժուար է բացատրել, որ Հայաստանի պէս երկիր մը, ուր տակաւին ելեւմտական շուկաներ չեն հաստատուած, ժողովուրդը իրազեկուած չէ, հարիւր տոկոսով ներդրուի պարտադիր կուտակային համակարգը: Որպէսզի Հայաստանի մէջ ելեւմտական շուկաներ ստեղծուին, պէտք է դրամ ըլլայ: Այս մէկը լուծելու համար որդեգրած են պարտադիր կուտակային համակարգը», յայտնած է փորձագէտը:
Այդուհանդերձ, Խանճեան վստահեցուցած է, որ այնքան ատեն որ չէ լուծուած վստահութեան հարցը, այնքան ատեն որ մարդիկ պատկերացում չունին, թէ ինչ վտանգներ կան այս համակարգին մէջ, յաջողութեան մասին խօսիլը անիմաստ է։