ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Աստուծոյ մարդացման դիմաց մարդո՛ւն եւս աստուածացման երեւոյթը անբացատրելի ու անիմանալի գործընթաց է, որուն մասին խորհրդածելու կը հրաւիրուի մարդ էակը ո՛չ միայն Ս. Ծննդեան տօնի նախօրեակին, այլ՝ իր ապրած կեանքի իւրաքանչիւր օրուան ընթացքին:
Բայց ինչպէ՞ս հասկնալ խորհուրդը, կամ ի՞նչ չափով չափել խոնարհութեան այն աստիճանը, որ կրնայ Աստուածը մարդացնել… Սա, աշխարհի հնագոյն կրօններուն մէջ իսկ անգտանելի երեւոյթ է: Ուրիշ խօսքով, կրօններու պատմութեան էջերէն դուրս, անոնց սկզբունքներուն, վարդապետութեան ու տարբեր գաղափարախօսութիւններուն անյարիր երեւոյթ է սա, եւ նոյնիսկ անոնց կաղապարուած ու զմռսուած, անձեռնմխելի սրբութիւններու նկատմամբ ոտնձգութիւն համարուող յանդուգն պատկեր մը:
Աստուած՝ Աստուած է, այսինքն ինքնագոյ, անստեղծ, անապական, անմերձենալի ու անհպելի, իսկ մարդը՝ մարդ է, այսինքն արարած, եղծանելի ու բնութեամբ ապականացու, հպելի ու շօշափելի… Դերերու այս փոփոխութիւնն էր ահա, որ աւելի քան 20 դարեր առաջ անհասկնալի թուեցաւ աշխարհի բոլոր կրօններուն, հեթանոս թէ միաստուածեան, որոնց անունով, ժամանակի միաստուածեան կրօնքի միակ ներկայացուցիչ հրէութիւնը, շփոթահար զայրոյթով դիմեց Յիսուսին ըսելով. «Դուն մարդ ես, եւ դուն քեզ Աստուած ես կ՛ընես» (Յհ 10.33): Այդ ալ պիտի ըլլար Անոր դատապարտութեան հիմնական պատճառը:
Մարդեղացում…
Ահա մարդկային միտքին մէջ յառաջացած շփոթին հիմնական պատճառը:
Ինչո՞ւ համար Աստուած պիտի մարդանար:
Մարդկային միտքի սահմանափակ ըլլալուն մասին վիճարկում կարելի չէ՛, որովհետեւ իւրաքանչիւր անձ իր սեփական փորձառութենէն մեկնած քաջատեղեակ է, թէ աշխարհի մէջ ամէն բան հասկնալու, ըմբռնելու կամ ընկալելու կարողութիւնը չունի, ու միշտ թերացումներ կ՛արձանագրուին իր իմացական կեանքի ոլորտէն ներս: Երբեմն կը պատահի, որ ամէնէն սովորական թուացող երեւոյթը անգամ չի՛ հասկնար մարդ, ու յաւելեալ մեկնաբանութեան կարօտ կը մնայ: Սա մտային տկարութեան խնդիր չէ՛, այլ՝ մարդկային ուղեղի գործունէութեան մէկ բնական երեւոյթը, որ ցոյց կու տայ, թէ մարդ արարածը միշտ անկատար է, ու կատարեալ ըլլալու համար կարիքն ունի իր Արարիչի զօրակցութեան:
Աստուծոյ գաղափարը ամէնէն հեշտ եւ ամէնէն դժուար ընկալելի գաղափարն է մարդկային ուղեղին համար: Ամէնէն հեշտ, այո՛, որովհետեւ հաւատքի գործօնը կը հարթէ այն երկա՜ր ճանապարհը, զոր տանջալից փնտռտուքներով պիտի իրականացնէր մարդկային ուղեղը, հասնելու համար աստուածաճանաչողութեան: Իսկ ամէնէն դժուար՝ երբ իմաստասիրական տեսութիւններու ու վիճարկութեան թեր ու դէմ երկխօսութիւններու միջոցաւ, մարդկային միտքը պէտք է քրքրէ հաւանական բոլոր կարելիութիւնները Աստուծոյ գոյութեան, հասնելու համար մինչեւ բնազանցութեան դռները, այնտեղ փնտռելու հաւանական Աստուածը…
Մարդկային ուղեղի գործը հեշտացնելու ամէնէն ազդու ու գործնական միջոցներէն մէկն էր Աստուծոյ Մարդեղացումը… Անձամբ տեսնելու, զԱյն շօշափելու, Անոր հետ սեղան նստելու, Անոր մտերմութիւնը վայելելէ բացի՝ Անոր բժշկարար ու օգտաւէտ ներկայութիւնը զգալու գործնական որոշում էր Աստուծոյ կողմէ տրուած այս որոշումը՝ «մարդուն նման» ըլլալու, եւ «մարդոց մէջ» շրջելու: Միայն այս միջոցաւ կիսաքաղաքակիրթ մարդը պիտի կարենար ըմբռնել իր Արարիչին գոյութիւնը եւ անմիջական ներկայութիւնը իր կեանքէն ներս:
Հեթանոս աշխարհին համար այս դժուարութիւնը հարթուած էր ի սկզբանէ: Անոնց կուռքերը կամ պաշտած բնութեան տարրերը ամէն վայրկեան ներկայութիւն էին իրենց կեանքէն ներս: Արեւը, կրակը, հովը, օդն ու ջուրը, ծառերը, կայծակն ու այլ գերմարդկային ոյժերը, որոնք քանդակուած կուռքերու կենդանական թէ մարդկային կերպարներով արձանացած կանգնած էին իրենց աչքերուն դիմաց, մնայուն ներկայութիւն էին իրենց առօրեայ կեանքին մէջ: Ընծաներ ու շնորհակալական երկրպագութիւններ ստացող այդ կուռքերու շօշափելի ներկայութիւնը, յաճախ անիրական կը դարձնէր աներեւոյթ Աստուծոյ՝ հոգեղէն աննիւթական միակ Արարիչին գաղափարը, որուն գերազանց ոյժով կը կառավարուի համայն տիեզերքը:
Աստուած մարդացաւ…
Ահա այն կարեւորագոյն որոշումը աշխարհի պատմութեան, երբ Աստուած Իր ինքնութիւնը յայտնելու համար ձեւ մը կ՛ընտրէ՝ եւ այն ալ՝ մարդեղացումը: Անկարելի տիեզերքը կարելի դարձուցած Աստուծոյ համար կուսական ծնունդ ունենալը, բնականօրէն երեւակայական մոլորակները ստեղծելէ աւելի հեշտ հնարք մըն էր, որ դարձեալ մարդկային միտքի գիտական ակնոցի ապակիին տակէն դիտուած՝ անհասկանալի ու անըմբռնելի պիտի թուայ:
Աստուծոյ մարդեղացումը, սակայն, միայն մարդու ընկերային կեանքին մասնակից դառնալը չունէր իբրեւ նպատակ, այլ՝ Աստուծմէ հեռացած մարդը վերադարձնել իր Արարիչին: Սա՛ էր այն կարեւոր նպատակը, որ պատճառ դարձաւ Աստուծոյ անչափելի խոնարհութեան: Երկինքէն երկիր տարածութիւնը եթէ ցարդ ո՛չ մէկ չափիչով չէ՛ չափուած, ու տիեզերքի անհունութեան բերումով բնաւ կարելի պիտի չըլլայ չափել, Աստուծոյ խոնարհութեան չափն ալ անչափելի պիտի մնայ յաւիտեան:
Աստուծոյ վերադառնալու ձեւի մասին մարդկային միտքերուն մէջ տարածում գտած գաղափարը մահն էր անցեալին, ու որոշ չափով կը շարունակուի նոյնը մնալ ներկայիս ալ: Հողայնական իր ճակատագիրին մարդուն ենթարկուիլը, յաճախ կը շփոթուի «Արարիչին վերադառնալ» գաղափարին հետ: Իրարմէ տարբեր երկու երեւոյթներ են ասոնք:
Աստուած մարդացաւ, մարդը աստուածացնելու համար, այսինքն՝ զայն փրկելու համար հողայնանալով կորսուելու անխուսափելի վտանգէն: Բնութենէն բացի, մարդկային մեղքերը եւս պատճառ կը հանդիսանան յաւիտենական կորուստի: Ուստի, մարդկային նոյն մարմինը ստանալով, Աստուած ցոյց տուաւ մեղաւոր կեանքով ապրելով հանդերձ, մեղքէն սրբուելու կերպը: Նոյն ճամբէն Ի՛նք անցաւ, ամէնէն խոնարհ կեանքով ապրելով, ու ցոյց տուաւ փրկութեան ուղին:
Աստուծոյ փրկարար շնորհքին միջոցաւ մարդը եւս կրնայ «աստուածանալ», այսինքն իր նախկին, անմեղ բնութեան փոխակերպուիլ զղջումով ու ապաշխարութեամբ: Աստուած մարդացաւ՝ մեզ «աստուածացնելու» համար: Անոր Սուրբ Ծնունդով անգամ մը եւս կը բացայայտուի մեր փրկութեան լուսաշող ճանապարհը: Խոնարհելով մտնենք Բեթղեհէմի անշուք մսուրէն ներս, անմեղանանք այնտեղ հանգչող մանուկին նման, բռնենք Անոր փոքրիկ՝ բայց հզօր ձեռքէն, ու քալենք դէպի մեր փրկութեան խաղաղ նաւահանգիստը, առանց վախնալու կեանքի ամեհի փոթորիկներէն ու մեղքի ալեկոծութիւններէն: Որովհետեւ Աստուած մարդացաւ, մե՛զ «աստուածացնելու» համար…