
ԵՐԵՒԱՆ.– Արդէն յայտարարուած էր, որ Ամանորի գիշերը պիտի հրապարակուէր անունը այն մասնակիցին, որ այս տարի Հայաստանը պիտի ներկայացնէ «Եւրատեսիլ 2014» երաժշտական մրցումին:
Ամանորեայ յայտագիրին ընթացքին յայտարարուեցաւ, որ այս տարի Հայաստանը պիտի ներկայացնէ բոլորին կողմէ սիրուած Արամ Էմ.Փի. 3ը:
Նշենք, որ այս տարի մրցումը տեղի պիտի ունենայ Քոփենհակենի մէջ։