
ԵՐԵՒԱՆ.– Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան 4րդ կարգի փլուզման ենթակայ շէնքերու մէջ ապրող 19 ընտանիքներու ներկայացուցիչներու 1, 2 եւ 3 սենեակնոց բնակարաններու բանալիներ յանձնած է՝ Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ կայացած ընդունելութեան ընթացքին:
Շնորհաւորելով ներկաները երկար տարիներէ սպասուած բնակարանամուտին համար, Մարգարեան վստահեցուցած է, որ Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմը կարելին պիտի ընէ՝ երեւանցիներուն առջեւ ծառացած դժուարութիւնները հարթելու, վտանգի եւ փլչելու ենթակայ շէնքերու բնակիչներուն բնակարաններ ապահովելու գծով։
Քաղաքացիները եւս շնորհակալութիւն յայտնած են Տարօն Մարգարեանին՝ փլչելու ենթակայ իրենց բնակարաններուն մէջ երկար տարիներ ապրելէ ետք Նոր տարուան առիթով իսկապէս երկար սպասուած նոր բնակարաններ ունենալուն համար: