ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, Սեւծովեան համագործակցութեան կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին ներկայ գտնուելու համար, վերջերս Երեւան գացած էր ու յայտարարած, թէ՝ «բացարձակապէս չենք իւրացներ տեղահանութեան որոշումը. տեղահանութիւնը անմարդկային արարք է»։ Տաւութօղլու Երեւանի մէջ յայտարարած էր նաեւ, որ Էրտողանի ու Կիւլի զօրակցութեամբ էր, որ 2005ին կայացաւ համագումար մը, որուն ընթացքին պաշտպանուեցաւ այն գաղափարը, թէ ցեղասպանութիւն կատարուած է։ Տաւութօղլուի այս յայտարարութիւնները, ըստ «Ուլուսալ» կայանին կողմէ հաղորդուած լուրին՝ նշաւակ դարձան թուրք պատմաբաններու բուռն բողոքին։
Արդարեւ, թուրք «պատմաբան»ները ուրիշները չեն, եթէ ոչ՝ Թուրքիոյ պատմութեան խորհուրդի նախկին նախագահ ու այժմ Ազգայնական շարժում կուսակցութենէն երեսփոխան Եուսուֆ Հալաճօղլուն եւ հայկական հարցերով զբաղող Մեհմետ Փերինչեքը, որոնք արդէն իսկ Հայկական Հարցին գծով պաշտօնական տեսակէտի պաշտպանութեան ախոյեաններ են։
Հալաճօղլու «Այտընլըք» թերթին մէջ կարծիքներ յայտնած է վերոյիշեալ յայտարարութիւններուն կապակցութեամբ ու պնդած, որ «Հայկական Բացուածք» կոչուած երեւոյթին կամ այլ արարքներու եթէ նայուի, ապա կարելի է համոզուիլ, որ կառավարութիւնը պատրաստ է ընդունելու այն միտքը, թէ հայերու դէմ ցեղասպանութիւն կատարուած է։ Ըստ անոր՝ կառավարութիւնը պատրաստ է նաեւ զիջումներ ընելու հայերուն։ «Երբ ես պատմութեան խորհուրդի նախագահն էի, շատ լուրջ աշխատանք կատարած էինք այս նիւթին շուրջ։ Այդ պատճառով ալ ես այս պարտականութենէն հեռացուեցայ։ Համոզուած եմ, որ կառավարութիւնը այս խնդիրին մէջ ճշմարտութիւններու կարեւորութիւն չի տար։ Անոր փափաքն է, որ Ամերիկայի փափաքներուն գոհացում տալով՝ մերձենալ հայերուն ու Հայաստանը քաշել դէպի Ամերիկայի կողմը։ Այս պատճառաւ ալ, կառավարութիւնը պատրաստ է զիջումներ ընելու։ Եթէ կառավարութիւնը հանրային կարծիքը նկատի չունենայ, արագօրէն կ՛ընդունի ցեղասպանութեան պնդումը։ Հիմա պիտի տեսնենք, թէ կառավարութիւնը որեւէ պատրաստութիւն կը տեսնէ՞ 2015ը դիմագրաւելու ուղղութեամբ։ Պիտի տեսնե՛նք։ Իմ ըսածները պիտի իրականանան», ըսած է Հալաճօղլու։
Իր կարգին, Փերինչեք, որ կը ներկայացուի որպէս անձ մը, որ ուսումնասիրութիւններ ըրած է Հայկական Հարցին շուրջ, այսպէս մեկնաբանած է Տաւութօղլուի յայտարարութիւններն ու Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը. «Թուրքիա, մինչեւ այսօր, կարգ մը նուրբ խնդիրներու մէջ իր կարմիր գիծերը ունէր։ Ասոնցմէ էին Հայկական Հարցը կամ Կիպրոսի խնդիրը։ Այս երկու խնդիրներուն մասին, ո՛ր կառավարութիւնն ալ գործի գլուխ գար, քաղաքականութիւնը չէր փոխուեր, կարմիր գիծերը կը յարգուէին եւ այդ գիծէն անդին չէին անցներ։ Բայց Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կառավարութիւնը բոլորովին տարբեր ուղի մը բռնեց Թուրքիոյ այս հիմնական կարմիր գիծերու քաղաքականութեան մէջ։ Կիպրոսի հարցին մէջ Թուրքիոյ հողային ամբողջականութիւնը շահագրգռող շատ տարբեր քաղաքականութիւն մը մշակուեցաւ։ Հայկական Հարցին մէջ ալ տարբեր քաղաքականութեան մը գործադրութիւնը կը տեսնենք։ Այս բոլորը կը վնասեն Թուրքիոյ ազգային շահերը։ Այս վերջին խնդիրի էութեան մէջ ամերիկացիներու փափաքը կայ։ Ամերիկացիները կ՛ուզեն Հայաստանը Թուրքիոյ միջնորդութեամբ փրցնել Ռուսիայէն ու զայն կապել Ամերիկայի։ Ասիկա «Հայկական Բացուածք» ըսուած շարժումով սկսաւ եւ աւարտեցաւ շատ մեծ ձախողութեամբ։ Այս արդիւնքին մէջ անշուշտ իրենց դերն ունէին Թուրքիոյ հանրային կարծիքէն եկող բողոքները։ Կառավարութիւնը հիմա նոյնը կենդանացնելու կը ջանայ։ Սկսան արտասանելու խօսքեր, որոնք Հայաստանի դիմաց շատ նեղ կացութեան պիտի մատնեն Թուրքիան եւ որոնք պատճառ պիտի դառնան, որ Թուրքիա ետքայլ ընէ։ Տաւութօղլուի խօսքերը ճշմարտութեան հետ որեւէ կապ չունին»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.