ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ատրպէյճանի հետ սահմանամերձ ու հրաձգութեան ենթարկուող շրջաններու երկրագործները օգնութիւն պիտի ստանան՝ զերծ կացուցուելով հողի հարկէն ու ոռոգման ջուրին համար գանձուող հարկերէն: Այս մասին արձանագրուած է կառավարութեան 2014ի ծրագիրին մէջ, որ ընդունուած է 9 Յունուարի նիստին։
«Բացի այդ, Մարտի վերջին էներգետիկայի նախարարութիւնը ծրագրում է մեթոդիկա նախապատրաստել՝ կապուած վթարների ժամանակ գազի արտահոսքը հաշուարկելու հետ, իսկ Հոկտեմբերի վերջին կը հաստատուեն պահանջները՝ կապուած գազի կենցաղային սարքերի անվտանգութեան հետ: Նոյեմբերին կառավարութիւնը պատրաստւում է արտօնել «Գազամատակարարման մասին» նոր օրինագիծը, որը կարգաւորելու է գազատարների շինարարութիւնն ու շահագործումը, շրջակայ միջավայրի ու բնակչութեան անվտանգութիւնը», նշուած է նախագիծին մէջ:
Կենսոլորտի եւ բնապահպանութեան նախարարութիւնը փոփոխութիւններ պիտի առաջարկէ՝ «Օդի ու մթնոլորտի պաշտպանութեան մասին» օրէնքին մէջ:
Ելեւմուտքի նախարարութիւնը կը նախատեսէ վերանայել ոչ մետաղական օգտակար հանածոներու հանոյթին համար նախատեսուող վճարումներուն՝ զանոնք բարձրացնելու նպատակով:
Երթեւեկի նախարարութիւնը պիտի ճշդէ չափանիշները՝ երթեւեկի ու անուաւոր առանցքի առաւելագոյն ծանրաբեռնուածութեան վերաբերեալ: Արտօնուածէն աւելի ծանրաբեռնուածութեամբ մեքենաներուն մուտքը պիտի արգիլուի:
Քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը կը ծրագրէ լրջօրէն նուազեցնել ծախսերը՝ կապուած պիւտճէական շինարարութեան կառոյցներու պահպանման։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.