
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, եղբօր եւ հարազատին՝ Վարդան Հովեանի մահը, որ պատահեցաւ Երկուշաբթի, Յունուար 6, 2014ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, Յունուար 14, 2014, առաւօտեան ժամը 10:30ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, 500 S. Central Ave., ապա թաղումը՝ Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ:
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Անուշ Ալեքսանեան-Հովեան
Դուստրը՝ Ադրինէ Հովեան եւ դուստրը՝ Ժուլիանա
Զաւակը՝ Ալեքս եւ Թինա Հովեան եւ զաւակները՝ Ալեքսանդրա եւ Անթընի
Եղբայրը՝ Էդւարդ եւ Արծւիկ Հովեան եւ զաւակները (Պարսկաստան)
Եղբայրը՝ Արշակ եւ Նորա Հովեան եւ զաւակները
Զոքանչը՝ Վարդուշ Ալեքսանեան
Աներորդին՝ Թօմիկ Ալեքսանեան եւ զաւակները
Աներորդին՝ Ռուբէն եւ Զոյա Ալեքսանեան եւ զաւակները
Քենին՝ Յասմիկ եւ Նորիկ Պետրոսեան եւ զաւակները
Գառնիկ եւ Քլար Հաթամեան եւ ընտանիք
Շուշիկ եւ Լեւոն Սէյրանեան եւ ընտանիք (Քանատա)
Հենօ եւ Օֆելիա Հովեան եւ ընտանիք
Ռազմիկ եւ Մարիէթ Գոլնազարեան եւ ընտանիք
Արա եւ Մելինէ Հաթամեան եւ ընտանիք
Էդի ե Ալինա Դաւիթեան եւ ընտանիք
Եւ համայն հարազատներն ու բարեկամները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութեան սրահին մէջ, 117 S. Louise St., Glendale:
Յարգելի Հովեան ընտանիք, խնդրեմ ընդունեցէ՚ք ցաւակցութիւններս ձեր հարազատին, Վարդան Հովեանի մահուան առթիւ։ Ես նոյն անունով ազգական մը ունէի Պարսկաստանի մէջ, որուն մայրը կը կոչուէր Մարգրիտ իսկ հայրը՝ Զաւէն. հօրը հայրը՝ Վարդան,։ Մահազդին մէջ երեւցող սգակիրներուն մէջ քանի մը հոգի կայ(Ռազմիկ Գոլնազարեան, Հենօ Հովեան) որոնց նոյն անունով ազգական ունէի Պարսկաստանի մէջ եւ իրենք ալ իմ ազգական Վարդան Հովեանի ազգական էին։ Ես ալ Հովեան (նաեւ Հովուեան գրուած) ընտանիքէն կը սերիմ եւ Իտալիա, Վենետիկ կ՝ապրիմ։ Եթէ ենթադրութիւնս ճիշդ է, եւ ուրեմն ազգական ենք, խնդրեմ ինծի իմացուցէ՛ք։Իմ հասցէս հետեւեալն է՝ gzovigh@tin.it։ Յարգանքներով՝ Սուրէն Ծովիկեան