ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայ ըմբիշները իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Լաս Վեկասի քաղաքին մէջ կայանալիք աշխարհի բաժակի մրցաշարքին:
Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեան դիտել տուած է, որ այս մրցաշարքը իր բարձր մակարդակով հայ ըմբիշներուն համար նաեւ առիթ պիտի ըլլան աւելի լաւ նախապատրաստուելու 1 Ապրիլին Ֆինլանտիայի Վանթաա քաղաքին մէջ կայանալիք ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան, իսկ խումբի մարզիչներուն՝ աւելի լաւ ձեւաւորելու հաւաքականի կազմը:
Ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան, 66 քկ. ծանրութեան Դաւիթ Սաֆարեանի համաձայն, ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնի օրացոյցին համաձայն4 մրցաշրջանի երկու կարեւորագոյն մրցումները՝ աշխարհի բաժակի մրցումն ու Եւրոպայի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենան տարուան առաջին եռամսեակին: Ան ընդգծած է, որ այս մրցաշրջանին իր մրցակիցներուն հետ պայքարիլը մէկ կողմէ աւելի բարդ պիտի ըլլայ, որովհետեւ ախոյեանի դէմ մրցումին բոլորը կը կրկնապատկեն ջանքերը, միւս կողմէ՝ դիւրին, որովհետեւ ախոյեանի դէմ պայքարիլը դժուար է եւ զգուշութիւն կը պահանջէ, ինչ որ արդէն կը սահմանափակէ մարզիկին կարելիութիւնն ու նախաձեռնութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.