
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցութիւնները շարունակելու հարցը ներառուած է ներկայիս ԵԱՀԿը նախագահող երկրին՝ Զուիցերիոյ, ծրագրային առաջնահերթութիւններու ցանկին մէջ:
ԵԱՀԿի գործող նախագահ՝ Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարար Տիտիէ Պուրքալթեր, Հինգշաբթի, Յունուար 16ին Վիեննայի մէջ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին նշած է, որ վերջին շաբաթներուն ոգեւորիչ նշաններ տեսած է հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններուն ընթացքին: Պուրքալթեր կը կարծէ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու վերջին հանդիպումէն ետք բարձր մակարդակի բանակցութիւնները աշխուժացած են, սակայն, ըստ դիւանագէտին՝ լուրջ մտահոգութիւն կը պատճառեն սահմանին վրայ արձանագրուող զինեալ միջադէպերը:
«Մենք տպաւորութիւն չունինք, որ դէպի խաղաղութիւն տանող ճանապարհը դեռ երկար է եւ խճողուած: Զուիցերիոյ նախագահութիւնը իր անձնական ներկայացուցիչին՝ Անճէյ Քասփրչիքի, միջոցով պիտի աջակցի Մինսկի խմբակի ջանքերուն: Մենք նաեւ պիտի խրախուսենք շփումները՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի քաղաքացիական հասարակութիւններու, ինչպէս նաեւ փորձագէտներու միջեւ», ԵԱՀԿ մնայուն խորհուրդի յատուկ ժողովին ընթացքին ըսած է Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարը: