ԵՐԵՒԱՆ.– Արտագաղթի ուսումնասիրութեան յանձնաժողովը մինչեւ 24 Յունուար պիտի հրապարակէ իր ուսումնասիրութեան արդիւնքները: Հաւաստի տեղեկութիւններու համաձայն՝ նախնական տեղեկութիւններ արդէն կան եւ անոնք բաւական աղէտալի են:
Յիշեցնենք՝ Գաղթականութեան պետական ծառայութիւնը առաջարկած էր պիւտճէէն գումար յատկացնել՝ արտագաղթի պատճառները ուսումնասիրելու համար: Սոյն ուսումնասիրութիւնը Գիտութեան պետական կոմիտէն պատուիրած էր Հայ-ռուսական սլաւոնական համալսարանին: Վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը խորհրդարանին մէջ արտագաղթի վերաբերեալ պատգամաւորներուն հարցումներուն պատասխանելով յայտնած էր, որ ուսումնասիրութիւն կը կատարուի արտագաղթի երեւոյթին պատճառները աւելի լաւ հասկնալու, շարժառիթները աւելի մանրակրկիտ գիտնալու համար, որպէսզի իրենց գործողութիւնները արդիւնաւէտ ըլլան:
Հայաստանի Գաղթականութեան ծառայութեան ղեկավար Գագիկ Եգանեանը, որ նաեւ կը մասնակցի ուսումնասիրական աշխատանքներուն, 15 Յունուարին յայտնած է, որ «Միգրացիոն հոսքերի վերաբերեալ ընտրանքային հետազօտութեան» արդիւնքները, ըստ պայմանագիրին, պէտք է պատրաստ ըլլան 24 Յունուարին: Ան չէ ուզած թիւեր հրապարակել՝ խորհուրդ տալով սպասել ուսումնասիրութեան հրապարակման: «Մեր տեղեկութիւններով, հարցուածների 80 եւ աւելի տոկոսը արտագաղթը կապել են սոցիալ-տնտեսական, մեղմ ասած, վատ պայմանների, աշխատատեղերի բացակայութեան հետ», գրած է «Հայկական Ժամանակ»ը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.