
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ Հայաստանի «Ազզային կինոկենտրոն»ը կը պատրաստուի երկու նոր վաւերագրական ժապաւէն նկարահանելու: Յունուար 23ին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին Հայաստանի «Ազգային կինոկենտրոն»ի տնօրէն Գէորգ Գէորգեան նշեց, որ առաջին ժապաւէնը՝ բեմադրիչ Վարդան Յովհաննիսեանի «Բանտարկուած Հոգիներ»ը, «Բարս Մեդիա» ընկերութեան հետ գործակցաբար պիտի պատրաստուի։
«Յովհաննիսեանն արդէն ուսումնասիրում է արխիւային շատ նիւթեր: Այժմ մի փոքր փոխւում է սցենարը, եւ հեղինակը կապում է այն շախմատի հետ՝ անդրադառբալով այն երեւոյթին, որ Հայաստանը երեք անգամ մեծ յաջողութիւն է ունեցել շախմատի ոլորտում», նշած է Գէորգեան՝ աւելցնելով, որ ժապաւէնին թէ՛ նիւթը, եւ թէ բովանդակութիւնը շատ հետաքրքական են:
Երկրորդ նախագիծը «Ման Փիքչըրզ»ի հետ համատեղ իրականացուող «Յիշատակի Պատը» վաւերագրական ժապաւէնն է, զոր պիտի բեմադրէ բեմադրիչ Արամ Շահբազեանը:
«Ֆիլմը կոտորածներից մազապուրծ եղած հայերի՝ աշխարհով մէկ սփռուելու մասին է, նաեւ այն մասին, որ երկրագնդի տարբեր կէտերում կան շատ անուանի հայեր, աշխարհահռչակ կոմպոզիտորներ, պարողներ, գիտութեան բնագաւառի ներկայացուցիչներ, ովքեր ցեղասպանութեան պատճառով են հայրենիքից դուրս ծնուել, մեծացել, ապրում ու ստեղծագործում», ըսած է «Կինոկենտրոն»ի ղեկավարը:
Ան յայտնած է, որ բացի նշուածէն, Ցեղասպանութեան նիւթով այս երկու շարժապատկերի նախագիծերը պիտի ներկայացուին՝ անկախ պետական յանձնաժողովի որոշումէն: Գէորգեան տեղեկացուցած է, որ 10րդ «Ոսկէ Ծիրան» շարժապատկերի փառատօնի ծիրին մէջ արտերկրէն հրաւիրուած հեղինակաւոր դատական կազմին հետ ընտրած են Ցեղապանութեան նուիրուած 37 շարժապատկերի նախագիծեր, որոնցմէ ընտրուած 6ը ներկայացուած է պետական յանձնաժողովի դատին: «Նախագծերը դեռեւս քննարկման փուլում են, եւ դեռ յայտնի չէ, թէ երբ եւ ինչ ժամկէտում կ՛ընտրուեն», նշած է Գէորգեան:
Պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօք ուշ չէ՞ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նուիրուած ժապաւէն նկարահանելու՝ ան նշած է, որ դեռ կայ մէկ տարիէն աւելի ժամանակ, որ բաւարար է նկարահանումները կատարելու։
«Կինոկենտրոն»ը 2014ին պիտի աջակցի գեղարուեստական 12 ժապաւէններու նկարահանման: «Կինոկենտրոն»ի պիւտճէն տարեկան կէս միլիոն տոլար է։