ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ատրպէյճանական կողմը սկսած է յայտարարելու իր կատարած հետախուզական բնոյթի համակարգուած փորձին իբրեւ հետեւանք ունեցած կորուստներուն մասին: Այդ երկրի լրատուամիջոցները հաղորդած են, որ հարիւրապետ Էլնուր æաֆարով ստացած հրազէնային վէրքերուն պատճառով մահացած է: «APA»ն նշած է, որ ատրպէյճանցի սպան մեռած է առաջնագիծ Թարթառի ուղղութեամբ: Ան Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան Շարուրի շրջանի բնակիչ է: Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը միջադէպին առնչուած յայտարարութիւն չէ կատարած ցարդ:
Թէեւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքած էր Յունուար 20ի գիշերը Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանական երկու յենակէտերուն վրայ կատարած իր հետախուզական բնոյթի համակարգուած փորձին մասին, սակայն յաջորդող օրերուն յայտնած է արդէն երկու զոհի եւ 5 վիրաւորներու մասին: Ատրպէյճան մնայուն կերպով կը հերքէ սահմանագիծին վրայ կատարուած գործողութիւններէն ետք ունեցած իր կորուստները: Որպէս կանոն, ատրպէյճանական կողմը միջադէպերուն յաջորդող օրերուն այդ կորուստները կը ներկայացնէ իբր թէ ինքնասպանութեան, անվտանգութեան կանոններու խախտման, անզգուշութեան, հիւանդութեան կամ արկածի հետեւանքներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.