
Կազմակերպութեամբ «Մաշտոց» քոլեճին, այս տարի եւս ուխտագնացութիւն մը տեղի պիտի ունենայ դէպի Արեւմտահայաստան, Կիլիկիա եւ Կապադովկիա, Յուլիս 5էն 20, առաջնորդութեամբ քոլեճի նախագահ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի։
Հայկական պատմական արմատներուն հետ սոյն ժամադրութիւնը առիթ պիտի ընծայէ ուխտագնացութեան մասնակցողներուն՝ այցելելու պատմականօրէն հայապատկան եւ հայաբնակ քաղաքներ ու գիւղեր, ինչպէս՝ Ատանա, Այնթապ, Պերեճիկ, Ուրֆա, Տիգրանակերտ, Բերկրի, Վան-Ախթամար, Արտամէտ, Իկտիր, Պէյազիտ, Արարատ լեռ, Կարս, Անի, Էրզրում, Մուշ, Խարբերդ, Սեբաստիա, Կեսարիա, Էվերեկ, Ուչիսար, Կէօրէմէ եւ Չաւուշին։
Ուխտագնացութեան աւարտին, մասնակիցները առիթ պիտի ունենան այցելելու Պոլիս եւ հանդիպումներ ունենալու հայ համայնքին հետ՝ մօտէն ծանօթանալով տեղւոյն ազգային կառոյցներուն։ Ուխտագնացութեան համար որոշուած է ներառել միայն 32 մասնակից։ Սակագինն է 3499 տոլար (առաւել տուրք)՝ իւրաքանչիւր անձի համար, երկու հոգինոց սենեակ, ներառեալ օդանաւի երթուդարձի ծախս, ճաշեր, ներքին ճամբորդութիւններ եւ պատմական վայրերու մուտքի տոմսակներ։ Վճարումի ժամկէտն է Մարտ 15։
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար, դիմել (818) 548-9345 թիւին կամ mashdots@aol.com հասցէին: