
ՄԱՐԻ ԹՐԹՌԵԱՆ
Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2013ի կէսօրին տեղի ունեցաւ Հայ ամերիկեան տարեցներու միութեան Փասատինայի մասնաճիւղի Նոր Տարուան ճաշկերոյթը: Ներկայ էին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ նախկին եւ ներկայի հոգեւոր հովիւներ՝ Խորէն քհնյ. Պապօշեան եւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան, նաեւ Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Ռաֆֆի Ճաւաթեան, Լա Քրեսենթայի մասնաճիւղի ատենապետուհին եւ Փասատինայի ՀՕՄի վարչութեան ընկերուհիներ:
Ատենապետուհի Մարի Թր-թռեան հաւաքոյթին բացումը կատարեց՝ բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն եւ շնորհաւորեց Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը: Ըստ տարիներու սովորութեան՝ յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին «Թաւլեան» մանկամսուրի Ծաղիկ դասարանի աշակերտները՝ իրենց գեղեցիկ հանդէսի տարազներով: Անոնք ներկայացուցին Յիսուսի Ծնունդը՝ դաշնակի ընկերակցութեամբ դպրոցի ուսուցչուհի Սիւզանա Փաշայեանի:
Վարչութիւնը՝ երեխաներուն առ ի գնահատանք, յատուկ գրքոյկներ բաժնեց ձեռամբ երկու քահանաներուն:
Մարի Թրթռեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց դպրոցի տնօրէնուհի Հելէն Մանուչարեանին եւ ժրաջան ու համեստ ուսուցչուհիներուն:
Երգիչ Նշան æաղացպանեան, իր ազգային երգերով, փայլք տուաւ ձեռնարկի յաջողութեան:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան: Ան նախ իր ուրախութիւնը յայտնեց Տարեցներու միութեան Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ շրջանի աւագ սերունդի անդամներուն հետ հանդիպումին համար, ապա Նոր Տարուան առթիւ բարեմաղթանքներ ընելէ ետք անդրադարաձաւ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնի խորհուրդին մասին:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Խորէն քհնյ. Պապօշեան, որ ներկաներուն ուղղեց իր բարեմաղթանքները Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առթիւ:
Օրուան ճաշը կը հովանաւորէին Մարի Թրթռեան եւ իր զաւակները՝ ի յիշատակ Արտաւազդ արք. Թրթռեանի, որ վախճանած էր Յուլիս 18, 2013ին, Լիբանան, Անթիլիաս: Ան կերտած էր աւելի քան 60 տարիներու վաստակ: Թաղումը կատարուած էր Յուլիս 21, 2013ին, Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ: Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք իր հարազատներուն. Աստուած հոգին լուսաւորէ:
Այս տխուր առիթով Մարի Թրթռեան 100 տոլար կը նուիրէ «Ասպարէզ» օրաթերթին՝ նորանոր յաջողութեան մաղթանքներով: