ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Փետրուար 3ին՝ Ազգային ժողովի գարնանային նստաշրջանին, ՀԱԿը, ՀՅԴն, «Բարգաւաճ Հայաստան»ը եւ «Ժառանգութիւն»ը պիտի բարձրացնեն «Գազային պայմանագրեր»ի հարցը: Այս մասին «Նիուզ»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Ազգային ժողովի ՀՅԴի պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանը:
Կարելի չէ եղած ճշդել, թէ անոնք ի՞նչ քայլերու պիտի ձեռնարկեն։ Ա. Մինասեան յայտնած է, որ հարցը քննարկուած է 4 խմբակցութիւններուն միջեւ, եւ սոյն հարցը բարձրացնելու համաձայնութիւն կայ արդէն: «Բայց առաջիկայ օրերին աւելի յստակ կը դառնայ, թէ ինչ ձեւով կը բարձրացուի «Գազային պայմանագրի» հարցը», նշած է Արծուիկ Մինասեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.