ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Իրանն ու Հայաստանը նպատակ ունին ապրանքաշրջանառութեան քանակը հասցնել 1 միլիառ տոլարի։ Իրանական «Իսնա» լրատուական գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին այս մասին նշած է Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամմետ Ռէիսին:
Իրանի դեսպանը՝ անդրադառնալով Հայաստանի տնտեսութեան առաջատար ճիւղերուն, նշած է. «Հայաստանը բնական հանածոներու տեսանկիւնէ բաւական հարուստ երկիր է. աշխարհի մէջ մոլիպտենի մեծ արտադրողներէն մէկը կը նկատուի: Բացի մոլիպտենէն անիկա նաեւ հարուստ է ոսկիի, պղինձի, երկաթի, սնդիկի, ինչպէս նաեւ տարատեսակ բնական քարերու պաշարներով»:
Դեսպան Ռէիսի իրանցի ներդրողները քննադատելով՝ Հայաստանի տնտեսութեան մէջ բաւարար չափով ներգրաւուածութիւն չունենալու համար, նշած է. «Թուրքիան Հայաստանի հետ այնքան ալ լաւ յարաբերութիւններ չունի, սակայն Հայաստանի շուկային մէջ առկայ ապրանքներու զգալի մասը թրքական են. այդ առումով իրանցիները Հայաստանի մէջ շարք մը կարելիութիւններ կորսնցուցած են»։
Անդրադառնալով հայ-իրանական տնտեսական յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակին՝ դեսպանը նշած է, որ Մեղրիի ջրելեկտրակայանի եւ ելեկտրահաղորդակցութեան երրորդ գիծի շինարարութիւնը երկկողմանի տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման ուղղուած դրական քայլ կը նկատուին։
«Նախորդ տարի Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ ապրանքաշրջանառութեան ծաւալները կազմած են շուրջ 320 միլիոն տոլար: Իրանը Հայաստանի առեւտրային գործընկերներու շարքին չորրորդ դիրքի վրայ է: Սակայն առկայ կարելիութիւնները նկատի առնելով՝ պէտք է ըսել, որ ապրանքաշրջանառութեան ծաւալները գոհացուցիչ չեն: Երկու երկրները ջանքեր կը տանին, որպէսզի անիկա հասնի 1 միլիառ տոլարի», աւելցուցած է դեսպանը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.