ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».– Սթրազպուրկի մէջ 5-6 Փետրուարին տեղի ունեցած Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի հերթական 14րդ նիստը գայթակղեցուցիչ աւարտ ունեցած է։
Արդարեւ, խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի աշխատանքներու աւարտին կողմերը չեն յաջողած համաձայնութիւն կայացնել եզրափակիչ յայտարարութեան շուրջ։
Ասիկա առաջին դէպքն է, երբ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան խորհրդարանական համագործակցութիւնը կ՛աւարտի ա-ռանց յայտարարութեան։ Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Սամուէլ Ֆարմանեան շտապած է Դիմատետրի իր էջին վրայ մեղադրելու եւրոպացիները՝ փաստաթուղթին մէջ անընդունելի ձեւակերպումներ ներառելու համար, սակայն կան նաեւ լուրեր այն մասին, որ յայտարարութիւնը չստորագրելու մէջ դերակատարութիւն ունեցած է ի՛նք՝ Ֆարմանեանը։
Պատուիրակութեան անդամները Հայաստան վերադարձին պիտի տան մամլոյ ասուլիս մը։ 14ամեայ միջխորհրդարանական համագործակցութիւնը առաջին անգամ ըլլալով տապալած է։ Սամուէլ Ֆարմանեան Դիմատետրի իր էջին մէջ անդրադարձած է կատարուածին՝ նշելով, որ եւրոպացի գործընկերները փորձած են փաստաթուղթին՝ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերող մասին մէջ հայկական կողմին համար անընդունելի ձեւակերպումներ ներառել։ Ըստ էութեան, այս բոլորին պատճառը Մաքսային միութիւն մտնելու Հայաստանի որոշումն է։
«Առաւել մտահոգիչ է հանգամանքը, որ որոշ եւրախորհրդարանականներ կարծում են, որ Հայաստանի արտաքին քաղաքական վերջին որոշումների վերաբերեալ իրենց դժգոհութեան արտայայտման լաւագոյն միջոցը կարող է լինել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ առաւել կոշտ, իրականում՝ հակամարտութեան խաղաղ հանգուցալուծմանը որեւէ կերպ չնպաստող, եթէ ոչ՝ ուղղակիօրէն վնասող, մօտեցումների կիրառումը», գրած է ան։
Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի հայկական պատուիրակութեան անդամ Աղուան Վարդանեան «Երկիրն Այսօր»ի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին նշած է, որ կարեւոր էր յայտարարութեամբ մը հանդէս գալ՝ յատկապէս այս հանգրուանին, երբ Հայաստանի կառավարութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէ Եւրոպական Միութեան ուղղութեամբ աշխատանքները առաւելագոյնս շարունակելը, բայց առանց խանգարելու Մաքսային միութեան անդամակցութիւնը։ Հակառակ Սամուէլ Ֆարմանեանի պնդումներուն, Աղուան Վարդանեան դիտել տուած է, թէ կարելի էր յայտարարութիւն ընդունիլը։
«Իմ առաջին տպաւորութեամբ, մեր յանձնաժողովի ղեկավարը դերակատարում ունեցաւ չս-տորգրման մէջ: Ինչ որ տեղ նրա միանձնեայ դիրքորոշման պատճառով այս ամէնը տեղի ունեցաւ», դիտել տուած է Վարդանեան:
Աղուան Վարդանեան անընդունելի նկատած է Ղարաբաղեան հարցին ետին թաքնուելով՝ սկզբունքային ձեւանալը։ Ըստ անոր՝ կարելի էր համաձայնութիւն գոյացնել փաստաթուղթին գծով եւ ընդունիլ զայն, մանաւանդ որ հայկական կողմին առաջարկով կատարուած էին փոփոխութիւններ եւ կային ստորագրելու բոլոր հիմքերը։ Ղարաբաղի վերաբերեալ եղած են երեք դրոյթներ, որոնցմէ մէկը խնդրայարոյց էր եւ կարելի էր վերցնել։ Աղուան Վարդանեան հաստատած է, որ 3 Սեպտեմբերին յայտնի որոշումէն արդէն 5 ամիս անցած է, սակայն Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներու բացարձակ մեծամասնութիւնը, որոնց շարքին նաեւ անոնք, որոնք մնայուն կերպով Հայաստանի դիրքորոշումը կը կիսէին, ամբողջական կերպով տեղեակ չեն, թէ ի՞նչ եւ ինչո՞ւ կատարուած է։
«Անակնկալը, ցնցումը մինչեւ այսօր շարունակւում է, ինչը նշանակում է, որ մեր արտաքին գերատեսչութիւնը գոնէ բացատրական հիմնաւորման լուրջ աշխատանք այս ընթացքում չի կատարել», նշած է Վարդանեան։
Հայկական պատուիրակութիւնը Սթրազպուրկէն պիտի վերադառնայ 8 Փետրուարին եւ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին լրացուցիչ պարզաբանումներ պիտի տայ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.