ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ իշխող՝ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կառավարութեան ու Ֆեթհուլլահ Կիւլենի համայնքին միջեւ ծագած հակամարտութիւնը աղիտալի համեմատութիւններու հասած ըլլալ կը թուի։ Կառավարութիւնը միջոցէ մը ի վեր կրակ կը ժայթքէ Կիւլենի համայնքին դէմ։ Այս համայնքը, որ ծայր աստիճան կրօնաշունչ մթնոլորտի մէջ բարեսիրական ու կրթական գործունէութիւն ունի, յանկարծ կառավարութեան կողմէ պատասխանատու նկատուեցաւ ապօրինութեան ու կաշառակերութեան այն պնդումներուն, որոնք հրապարակ իջան Դեկտեմբեր ամսուան կիսուն եւ որոնք խորապէս ցնցեցին վարչապետ Էրտողանի կառավարութիւնը։
Այդ շատ տաքուկ յարաբերութիւնները, որոնք Էրտողանի իշխանութեան առաջին օրէն ի վեր առկայ էին իշխող կուսակցութեան եւ Կիւլենի միջեւ, յանկարծ սառեցան։ Շատ դիւրին չէ հասկնալ, թէ ինչո՛ւ պատահեցաւ այս շատ սուր անկիւնադարձը։ «Կիւլեն, որ կը յամառի մնալ Ամերիկայի մէջ, ամբողջ աշխարհի վրայ տարածուած համայնք մը կը կառավարէ, բայց ա՞ն է, որ պատասխանատու է համայնքէն ներս կատարուած բոլոր գործողութիւններուն», հարց կու տայ «Մարմարա» եւ կը շարունակէ գրել, թէ փոխվարչապետ Պիւլենտ Արընչի կարծիքը այդպէս չէ՛։ Արընչ կը հաւատայ, որ կառավարութեան դէմ սադրանք սարքողները Կիւլենի համայնքին մէջ փոքրամասնութիւն մըն են, եւ Կիւլեն պէտք է արգելք հանդիսանայ այդ փոքրիկ խմբակին։ Արընչ, որ վերջերս իր մեղմ ու համոզիչ ոճով տպաւորիչ ելոյթներ կ՛ունենայ, Պուրսայի մէջ տեղական հեռատեսիլի կայանի մը կողմէ իրեն հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին կոչ ըրաւ Ֆեթհուլլահ Կիւլեն «հոճա էֆենտի»ին՝ պնդելով, որ Կիւլեն կրնայ խռովեալ մթնոլորտը հանդարտեցնել՝ դատապարտելով իր համայնքէն ներս նմանօրինակ սխալներ գործողները։ Արընչ նախ գովեստով խօսեցաւ Կիւլենի համայնքին մասին՝ ըսելով, թէ այս համայնքին անդամները սիրով ու մարդասիրութեամբ կը վարուին միլիոնաւոր մարդոց հետ, կը շրջին աշխարհի ամէն կողմը՝ անօթիներու ճաշ կու տան, դպրոցներ կը բանան ու աշակերտներուն կրթաթոշակներ կը յատկացնեն։ Բայց միւս կողմէ՝ կան սխալ գործողներ, որոնց պէտք է արգելք ըլլայ Կիւլենը՝ կասեցնելով իր անունով գործող այն շրջանակները, որոնք հիմա կառավարութիւնը տապալելու պայքար բացած են։ «Ասիկա լաւ պայքար մը չէ, անբաղձալի՛ է։ Թուրքիոյ առջեւ կարեւոր ընտրութիւններ կան ու հիմա շատ վնասակար է կառավարութիւնը տկարացնել ու տապալել փորձելը։ Մեր պայքարը Կիւլենի անձին հետ չէ, այլ՝ անոր համայնքէն ներս գործող այս փոքրիկ հաւաքականութեան հետ», ըսաւ Արընչ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.