ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Շաբաթ, Փետրուար 8ին, աւելի քան երկու հազար ցուցարարներ Պոլսոյ «Թաքսիմ» հրապարակին վրայ բողոքի ցոյց մը կատարեցին՝ համացանցը հսկողութեան տակ դնող Թուրքիոյ խորհրդարանին վաւերացուցած օրէնքին դէմ:
Ցոյցին ընթացքին բախումներ տեղի ունեցան ոստիկաններուն եւ ցուցարարներուն միջեւ եւ իբրեւ հետեւանք՝ քանի մը ցուցարարներ եւ ոստիկաններ վիրաւորուած են, իսկ ոստիկանութիւնը ձերբակալած է քանի մը հոգի:
Թուրքիոյ խորհրդարանը վաւերացուցած էր նոր օրէնք մը, որ կը խստացնէ համացանցի հսկողութիւնը եւ Հեռահաղորդակցութեան ծառայութեան նախագահութեան իրաւունք կու տայ կասեցնելու համացանցային կայքերն ու էջերը՝ առանց դատարանի որոշումին:
Նոր օրէնքը քննադատութիւններով դիմաւորուեցաւ եւրոպական կառոյցներու եւ միջազգային մամուլին կողմէ եւս։
Թուրքիոյ կառավարութեան ընդդիմութեան կարծիքով՝ այս օրէնքը գրաքննութիւն կատարելու նոր ձեւ մըն է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.