ՖՐԵԶՆՕ.- «Ասպարէզ»ի նախկին խմբագիրներէն Մելիք-Շահի զաւակ Կարօ Կիւրեղեան եւ կինը՝ Ալիսը, անցեալ Կիրակի օր, իրենց այցելած ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանին, անոր ընկերակցող ԿԿի եւ ՀՅԴ Ֆրեզնոյի «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի անդամներուն յայտնեցին իրենց որոշումը՝ Ֆրեզնոյի Հայ կեդրոնին 300,000 տոլար նուիրելու մասին:
Իշխանական այս նուիրատուութեան մէկ բաժինը պիտի յատկացուի վերանորոգելու համար նախապէս իբրեւ «Ասպարէզ» կեդրոն ճանչցուած Հայ կեդրոնը, իսկ մնացեալ գումարը կտակուած է կեդրոնի հետագայ ծրագիրներու ֆինանսաւորման:
ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան անդամներէն Մհեր Շխրտմեան, այս լուրը փոխանցելով «Ասպարէզ»ին՝ յուզումով պատմեց Կիւրեղեան ընտանիքին հետ իր երկարամեայ ծանօթութեան մասին:
«Իրենք զաւակով բախտաւորուած չըլլալով՝ կեդրոնի բոլոր հայ երեխաները, ՀՄԸՄական սկաուտները, արծուիկները, գայլիկները, մարզիկները, ՀԵԴական պատանիներն ու երիտասարդները իրենց զաւակները կը նկատեն եւ իրենց այս իշխանական նուիրատուութեամբ փափաք կը յայտնեն, որ կեդրոնը այնպէս մը բարեկարգուի, որ այդ պատանիներն ու երիտասարդները հաճելի եւ դաստիարակիչ մթնոլորտի մը մէջ կատարեն իրենց հաւաքները», ըսաւ Շխրտմեան:
Մհեր նաեւ ճանչցած է Կարոյի հայրը՝ Մելիք-Շահը, որ «Ասպարէզ»ի խմբագիր եղած է 1949-1952 եւ 1969-1970 տարիներուն:
«Մելիք-Շահ ազնուագոյն մարդ էր: Ամէն անգամ, երբ թերթը նիւթական դժուարութեան առջեւ ըլլար, Մելիք-Շահ իր գրպանէն կը վճարէր պաշտօնեաներուն աշխատավարձը: Նաեւ, խմբագրութենէն դուրս եղած ժամանակ, ամէն անգամ, երբ կարիք զգացուէր, ինք կամաւոր կը կատարէր խմբագիրի աշխատանքը», շարունակեց Շխրտմեան:
«Ասպարէզ» հպարտ է, որ իր նախկին խմբագիրի զաւակը այսպիսի ազնուական քայլ մը կը կատարէ: Նաեւ, այս առթիւ, կը շնորհաւորենք Կարօ եւ Ալիս Կիւրեղեաններու ամուսնութեան 50րդ տարեդարձը եւ կը մաղթենք երկար եւ առողջ տարիներ, որպէսզի վայելեն բերկրանքը իրենց բարի արարքներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.