«Փետրուարի 14, ինչպիսի կարեւոր օր, Վալանթայնի օր», կ՛ըսէ հայ երիտասարդ մը:
Ապրի՛ս, կեցցե՛ս, կ՛ողջունեմ կեցուածքդ, «ընկե՛րս», ինչպիսի՜ կարեւոր գործ կը տանիս՝ ուրիշ ազգերու տօնը իւրացնելու եւ նշելու ուղղութեամբ:
Ամօ՛թ քեզի, օտարամոլ էակ:
«Սիրելիս», դուն գոնէ գիտե՞ս, թէ այդ օրը մեր ազգի համար սեւ օր է, իսկ դուն կը տօնես զայն: Չես գիտեր, ո՛չ: Այդ օրը մեր ազգը կորսնցուց մի հերոս՝ Արցախեան հերոս, որուն եւ իր նմաններուն շնորհիւ այսօր մենք ունինք Արցախ, հետեւաբար՝ Հայաստան:
Պետօ՝ Պետրոս Ղեւոնդեան, ծանօ՞թ է այս անունը քեզի. կը կասկածիմ:
1994թ. Փետրուար 14ին Պետօն դարձաւ աղաւնի, որ կը սաւառնի Հայոց աշխարհին վրայ: Պետօն նահատակուեցաւ ընկերոջ օգնելու ժամանակ՝ ականի պայթիւնէն: Պետոյին թուրքի գնդակ չդպաւ, անհասանելի էր Պետօն թշնամիին համար: Իր գլխաւորութեամբ Արցախի շատ մը շրջաններ ազատագրուեցան:
Ան ինկաւ, որ դուն հաստատուն մնաս, իսկ դուն այսօր իր յիշատակն իսկ չես յարգեր, այլ, ընդհակառակը, կը տօնես ուրիշ ազգի տօն:
Ամօ՛թ քեզի. ամբողջ տարին տրամադրութեանդ տակ է, որ սիրես ու շոյես սիրած անձդ: Իսկ Փետրուարի 14ին քիչ մը զուսպ մնա՛, ի յարգանք մեր հերոսին:
Զիս յոռետես անուանէք կամ ոչ, հոգս չէ: Միեւնոյնն է, ես ըսած եմ ու կ՛ըսեմ. նեխած ենք օտարամոլութեամբ եւ սնանկացած ենք ազգովին:
ՍԱՐՕ Պ.
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.