Հաղորդագրութեամբ մը, «Յուշամատեան» հիմնարկը կը տեղեկացնէ, թէ լոյս ընծայած է «Ottoman Armenians: Life, Culture, Society, Vol 1» գիրքը, որ կը հաշուէ 271 էջ, կ՛ընդգրկէ հինգ յօդուածներ եւ կը պարունակէ մօտ 250 պատկերներ:
Գիրքը արդէն իսկ կ՛ուղարկուի 2011ի աւարտին «Indiegogo»ի ճամբով կազմակերպած դրամահաւաքին մասնակից նուիրատուներուն:
Զայն կարելի է ստանալ կայքէն: «Յուշամատեան»ի այս առաջին հրատարակութիւնը կ՛ընդգրկէ յօդուածներ, որոնք գրուած են Նանոր Քեպրանեանի, Ծովինար Տէրտէրեանի, Եաշար Թոլկայ Ճորայի, Միհրան Մինասեանի եւ Վահէ Թաշճեանի կողմէ:
Բոլոր գրութիւններն ալ կ՛առնչուին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու ընդհանուր կեանքին եւ ընկերային միջավայրին: Գիրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ բազմաթիւ լուսանկարներ՝ բոլորն ալ օսմանեան հայերու կեանքին հետ առնչուող: Մինչ գիրքին յօդուածները զարդարուած են համապատասխան պատկերներով, ասոր կողքին գոյութիւն ունին երեք տարբեր պատկերադարաններ. ընտանիքներ, դպրոցական կեանք, արհեստներ:
Այստեղ ցուցադրուողները առաւելաբար կայքի այցելուներէն ստացուած պատկերներն են, որոնք աւելի կենդանի գաղափար մը կրնան տալ այն հետեւողական ճիգին, զոր խումբը վերջին տարիներուն ի գործ կը դնէ օսմանեան հայերու անցեալին վերաբերող ժառանգային նիւթեր մէկտեղելու եւ նոյն ժամանակ ալ հանրութեան զանոնք մատչելի դարձնելու ուղղութեամբ: Գիրքին էջադրումը եւ պատկերներուն վրայ աշխատանքը կատարուած է Սիլվինա Տէր Մկրտիչեանի կողմէ:
Գիրքին սակագինը. Գերմանիոյ մէջ՝ 45 եուրօ, Եւրոպական Միութեան երկիրներուն մէջ՝ 49 եուրօ, այլուր (Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Միջին Արեւելք, Աւստրալիա, Թուրքիա, Ռուսիա, Հայաստան, Լատին Ամերիկա եւլն.)՝ 52 եուրօ:
Կարելի է նաեւ գիրքին սակագինը փոխանցել դրամատան հաշիւին՝
LANDESBANK BERLIN-AG
Հասցէ՝
ALEXANDERPLATZ 2,
D-10178 BERLIN
Հաշուետէր՝ Houshamadyan e. V.
IBAN:DE92100500006603216556
SWIFT-BIC:
BELADEBEXXX
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.