ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերջին 20 տարիներուն առաջին անգամ ըլլալով պիտի ներածէ հացահատիկահաւաք արտահունձներ, ինչ որ լուրջ խթան պիտի ըլլայ գիւղատնտեսութեան համար:
18 Փետրուարին Արարատի մարզպետարանին մէջ կայացած խորհրդակցութեան ընթացքին այս մասին նշած է Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգէյ Կարապետեանը: Անոր համաձայն՝ տարիներ շարունակ Հայաստանի մէջ օգտագործուած են հինցած, խորհրդային տարիներէն մնացած գիւղատնտեսական սարքեր: Ան նշած է, որ վերջին երկու տարիներուն ներածուած է 220 քարշակ, որոնք վաճառուած են գիւղացիական տնտեսութիւններուն՝ 6 տարի մարման ժամկէտով եւ 9 տոկոս տարեկան տոկոսադրոյքով: Մէկ քարշակին արժէքը կազմած է 6 միլիոն 900 հազար դրամ, որ շուկայի գինէն բաւական ցած է: Նախարարը նշած է, որ նախորդ 2 տարիներուն գնուած են նաեւ 400 հատ երկրագործական այլ սարքեր։
«Յառաջիկայում պէտք է հանրապետութիւն ներկրուեն մեծ քանակով տրակտորներ, եւ առաջին անգամ պէտք է ներկրենք հացահատիկահաւաք կոմբայններ. վերջին 20 տարուայ մէջ ներկրուել է ընդամէնը 5-6 կոմբայն», յայտնած է Կարապետեան՝ աւելցնելով, որ ատիկա լուրջ խթան է գիւղատնտեսութեան, եւ որ այդ ուղղութեամբ կառավարութեան մշակած ծրագիրը շարունակական պիտի ըլլայ:
Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեաներով՝ 2014 թուականի 1 Յունուարի դրութեամբ Հայաստանի մէջ հաշուըւած է 1355 հատ հացահատիկահաւաք սարք, որոնց մէջ լաւ վիճակի մէջ է 1011ը։ Քարշակներուն քանակը 14 հազար 783 է, գործող է 11 հազար 656ը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.