ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ատրպէյճանի ռազմական արդիւնաբերութեան նախարարութեան եւ թրքական «Ռաքեթսան» ընկերութեան միջեւ մօտիկ ապագային պիտի ստորագրուի Ատրպէյճանի մէջ հրթիռներու արտադրութեան սկսելու վերաբերեալ փաստաթուղթ մը. այս մասին տեղեկացուցած է ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը, ըստ որուն՝ արդէն իսկ լուծուած են համատեղ արտադրութեան սկսելու առնչուող շարք մը հարցեր: Ըստ համաձայնութեան՝ Ատրպէյճանի մէջ պիտի արտադրուին 107 եւ 122 մմ. տրամաչափի հրթիռներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.