
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– 21 Փետրուարին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան աշխատանքային այցելութիւն տուած է հանրապետութեան արեւմտեան սահմանագօտիին վրայ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մարտական յենակէտերը, ուր ծանօթացած է դիրքերու կահաւորման, ծառայութեան կազմակերպման առանձնայատկութիւններուն, զրուցած է անձնակազմին հետ, տուած է համապատասխան հրահանգներ:
Բացի ատկէ, Օհանեան նաեւ այցելած է Սիսիանի մէջ տեղակայուած զինուորական հիւանդանոց, ծանօթացած է անոր պարզած վիճակին, հիւանդներու բուժման եւ սնուելու դրութեան, զրուցած է հիւանդանոցին մէջ բուժման ենթարկուող զինուորներուն հետ, բժշկական անձնակազմին տուած է համապատասխան ցուցմունքներ: Այցելութեան ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է նաեւ շէնքի որոշ հատուածի վերանորոգութեան վերաբերեալ: Այս լուրերը փոխանցած է նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան։