ՓԱՐԻԶ.- Ուրբաթ, Փետրուար 21ին, Փարիզի արուարձաններուն մէջ գտնուող Ֆրանսական դիմադրութեան շարժման զոհերուն նուիրուած Մոն Վալերիան յուշահամալիրին մէջ, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ յիշատակի արարողութիւն՝ նուիրուած նացիներու կողմէ Միսաք Մանուշեանի եւ անոր խումբի անդամներուն գնդակահարման 70րդ տարելիցին:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ ծաղկեպսակ զետեղած է յուշահամալիրին մէջ եւ հանդէս եկած է ելոյթով: Արարողութեան մասնակցած է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը եւ ծաղկեպսակ զետեղած է Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ:
Արարողութեան ընթացքին ընթերցուած է Միսաք Մանուշեանի կեանքի վերջին ժամերուն գրուած նամակը՝ ուղղուած իր կնոջ՝ Մելինէին. «Քանի մը ժամ ետք այլեւս այս աշխարհին վրայ պիտի չըլլամ. զիս պիտի գնդակահարեն կէսօրէն ետք: Երանի անոնց, որոնք կը փրկուին եւ կը վայելեն ազատութեան քաղցրութիւնը եւ վաղուան խաղաղութիւնը: Վստահ եմ, որ ֆրանսացի ժողովուրդը եւ ազատութեան համար բոլոր պայքարողները արժանապատուօրէն պիտի պահեն մեր յիշատակը: Եթէ հնարաւոր ըլլայ, փոխանցէ իմ յիշողութիւնները Հայաստան գտնուող հարազատներուս»:
Իր ելոյթին մէջ, Ֆրանսայի նախագահ Հոլանտ նշած է. «Մանուշեան Հայկական Ցեղասպանութենէն փրկուած այն հայերէն էր, որ հաստատուեցաւ Ֆրանսա եւ անդամագրուեցաւ անոր ազատագրման պայքարին: Մանուշեանը միակ հայը չէր, որ կեանքը զոհեց այս երկրի ազատութեան համար»:
Միջոցառման ներկայ եղած են Ֆրանսայի կառավարութեան, Ծերակոյտի եւ Ազգային ժողովի անդամներ, քաղաքական ու հասարակական գործիչներ, Շարլ Ազնաւուրը եւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.