ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սալահետտին Տեմիրթաշ ընդվզումով խօսեցաւ այն քանի մը թրքական թերթերուն մասին, որոնք անցեալ օր գրած էին, թէ կուսակցութիւնը Մարտ 30ի քաղաքապետական ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք՝ քրտական ինքնավարութիւն պիտի հռչակէ։ Ան ըսաւ, որ կուսակցութիւնը ժողովրդավարական ինքնավարութիւն կառուցանելու աշխատանք կը տանի, բայց ասիկա, թերթերուն դիտել տուած ձեւով՝ պառակտիչ ու երկիրը բաժանող ինքնավարութիւն մը չէ. այսպիսի թելադրութիւններ «միտքեր պղտորելու» նպատակով կը կատարուին եւ «բարոյական չեն ու ճշմարտութեան հետ կապ չունին»։ Տեմիրթաշ ըսաւ, որ կուսակցութիւնը կ՛ուզէ ինքնավարութիւն մը, որ պիտի ունենայ տեղական վարչութիւն մը՝ մշակոյթի ու լեզուի հանդէպ յարգանք ապահովելու համար: «Այսօր քաղաքապետները, վարչապետը եւ քաղաքագէտներ, մեր կուսակցութենէն դուրս, որոշումներ կ՛ընդունին մեր ժողովուրդին մասին, հակառակ անոր, որ անոնք որեւէ կապ չունին մեր ժողովուրդի լեզուին, մշակոյթին կամ հաւատքին հետ։ Ոչ մէկը երկիրը ինքնագլուխ կառավարել թող փորձէ», ըսաւ ան։
Տեմիրթաշ աւելցուց, որ Իմրալըի բանտարկեալ Ապտուլլահ Օճալանի ցուցմունքներով յառաջ կը տարուին կառավարութեան հետ բանակցութիւնները։ Օճալան առաջարկած է, որ կառավարութիւնը պաշտօնական գետնի վրայ դնէ բանակցութիւնները ու իր պատուիրակութիւնները ղրկէ Իմրալը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.