ՔԻԵՒ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Անցնող շաբաթավերջի կայծակնային արագութեամբ տեղի ունեցած դէպքերը շուքի տակ պահեցին Ուրբաթ, Փետրուար 21ին գոյացած համաձայնութիւնը՝ երկրի իշխանութեանց եւ ընդդիմադիրներուն միջեւ:
Արդարեւ, Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչը պաշտօնանկ ընելէ ետք, Ուքրանիոյ խորհրդարանը Կիրակի օր որոշեց ժամանակաւոր նոր նախագահ նշանակել Օլեքսանտր Թուրչինովը, որ խորհրդարանի նախագահն էր:
Քիեւի եւ այլ շրջաններու մէջ աւելի քան երեք ամիս տեւած ցոյցերէն, ինչպէս նաեւ վերջին օրերու արիւնալի բախումներէն ետք, Եանուքովիչ Շաբաթ օր լքած էր մայրաքաղաքը ու հաստատուած Խրիմ:
Ուքրանացի խորհրդարանականները Կիրակի օր նաեւ քուէարկած էին Եանուքովիչի դաշնակից արտաքին գործոց նախարարը՝ Լէոնիտ Քոժարան, պաշտօնանկ ընելու համար:
Նախագահի պաշտօնակատար Թուրչինով կոչ ուղղած էր խորհրդարանի անդամներուն, որ մինչեւ Երեքշաբթի օր համաձայնութեան գան միացեալ կառավարութեան կազմին շուրջ:
Խորհրդարանը Կիրակի օր նաեւ քուէարկած էր Եանուքովիչի զեխ նստավայրը պետութեան յանձնելու ի նպաստ:
Նաեւ, հայազգի Արսէն Աւագով, որ Շաբաթ օր նշանակուած էր ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար, տեղեկացուցած է, թէ սահմանապահները արգիլած են Եանուքովիչին օդանաւ նստիլ Տոնեցքի մէջ եւ թէ Եանուքովիչ կը հետապնդուի «լայնածաւալ սպանդներ»ու կապակցութեամբ:
Շաբաթ օր ազատ արձակուեցաւ նաեւ Ուքրանիոյ նախկին վարչապետ Եուլիա Թիմոշենքօ, որ Եանուքովիչի ռուսամէտ քաղաքականութեան գլխաւոր ընդդիմադիրներէն մէկն էր:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Կիրակի օր հեռաձայնային խօսակցութիւն մը ունեցած է Միացեալ Նահանգներու իր պաշտօնակից Ճան Քերիի հետ՝ դժգոհութիւն յայտնելով Ուքրանիոյ իրադարձութեանց կապակցութեամբ եւ շեշտելով, թէ Եւրոպական միութեան միջնորդներուն կողմէ գոյացած Ուրբաթ օրուան համաձայնութիւնը անընդունելի կերպով կ՛ոտնակոխուի ընդդիմութեան կողմէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.